ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեան, Յունիս 16ին հրաւիրուած ասուլիսին ընթացքին տեղեկացուց, թէ Հայաստանի քաղաքական դաշտի ձախակողմեան ուժերը յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն պիտի փորձեն մասնակցիլ միաւորուած կերպով:
Ան նշեց, որ ձախակողմեան ուժերուն մէջ կը տեսնէ Հնչակեան կուսակցութիւնը, ՀՅԴն, Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, Կոմիւնիստական կուսակցութիւնը եւ այլն:
«Ձախ ուժերի միաւորման նախաձեռնութիւնը պատկանում է մեզ եւ Հնչակեան կուսակցութեանը: Յուլիսի առաջին տասնօրեակում հրաւիրուելու է համաժողով, որտեղ կը ներկայացուեն մեր առաջիկայ ծրագրերը: Համաժողովին հրաւիրուելու են բոլոր ձախակողմեան ուժերը, այդ թւում՝ ՀՅԴն, Կոմկուսը…», յայտնեց Ա. Սարգսեան: