
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օչալանի փաստաբանները, հերթական անգամ հանդիպում ունեցած են ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավարին հետ. ընթացքին Օչալան տեղեկացուցած է, որ Յունիս 14ին հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ ուղարկուած պաշտօնական պատուիրակութեան մը հետ։
Փաստաբանները «բանակցութիւններուն» մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած՝ նշելով միայն, որ քիւրտ ղեկավարը յայտնած է, թէ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինադադարը կրնայ երկարաձգուիլ։
Կուսակցութեան ղեկավարներ նախապէս յայտարարած էին, թէ Յունիս 15էն ետք թրքական իշխանութիւնները բանակցութիւններու պէտք է սկսին քիւրտերու հետ, այլապէս՝ «պատերազմ»ը կրնայ վերսկսիլ: