ԱԼԹԱՏԻՆԱ.- Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վաժարանը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ դպրոցը դարձեալ վարկաւորուած է վեց տարիներով՝ Վարժարաններու ու համալսարաններու արեւմտեան ընկերակցութեան (WASC) եւ Քրիստոնէական դպրոցներու միջազգային ընկերակցութեան (ACSI) կողմէ։
Վարկաւորման աշխատանքները առաջնորդուեցան դպրոցի ներկայ վարիչ Սօսի Շանլեանի կողմէ։
«Այս վարկաւորումը կը ցոլացնէ դպրոցիս ընդգրկած ուսումնական, բարոյական, կրօնական եւ մարզական աշխատանքներու յաջողութիւնները։ Յատուկ աշխատանքներ եւ վիճակագրութիւններ կատարուեցան տարբեր մարզերու մէջ՝ նկատի ունենալով ծնողներու փոխյարաբերութիւնները, ծրագրումները, աշակերտներու նկարագրային կերտումներն ու հոգեկան եւ մտային զարգացումները, որոնք կ՛օժանդակեն դպրոցիս բարգաւաճման։ Շնորհաւորութիւններ հոգաբարձութեան կազմին, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան եւ «Սահակ-Մեսրոպ»ի մեծ ընտանիքին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։