Տնտեսական ճգնաժամին պատճառով դժուար կացութեանց առջեւ գտնուող քաղաքացիներուն օժանդակութեան ձեռք երկարելու նպատակով, Քալիֆորիոյ Նիւհոլ քաղաքէն ատամնաբուժ տոքթ. Սարգիս

Ազնաւուր որոշած է միայն 39 տոլարով ատամներու ամբողջական քննութիւններ տրամադրել, նման քննութեանց համար ապահովագրութիւն կամ բաւարար գումարներ չունեցող քաղաքացիներուն, միաժամանակ այս արշաւէն ապահոված եկամուտը տրամադրել Սանթա Քլարիթա քաղաքի կարօտեալ բնակչութեան ուտեստեղէն տրամադրող կազմակերպութեան:
Յունիս 21ին սկսած այս արշաւը ի զօրու է մինչեւ Յունիս 30: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել http://dentistnewhallca.com/index.php/category/community կայքէջը: