
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հինգշաբթի, Յունիս 16ին, Կլենտէյլի վարժարաններէն աւելի քան 35 կարիքաւոր աշակերտներ աւարտեցին մէկ ու կէս ամիս տեւած ուսուցման ծրագիր մը, որ առաջին անգամ ըլլալով կազմակերպուած էր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի ու պետական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու միութեան համատեղ ջանքերով:
Սոյն ծրագիրը, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան երիտասարդական կեդրոնին մէջ, ընդարձակումն էր 2007էն ի վեր Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնած այս ծրագիրին, որ խորհրդատուական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ համալսարան մուտք գործելու պատրաստուող հայ աշակերտներուն եւ անոնց ծնողներուն:
Ուսուցման ծրագիրը, որ ի մի բերած էր խումբ մը կամաւոր դասատուներ եւ կարգ մը դասանիւթերու մէջ դժուարութիւններ դիմագրաւող հայ աշակերտներ, կրնայ Սեպտեմբերէն ետք մնայուն ծրագիրի մը վերածուիլ, կը յայտնէ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբի վարիչ գործավար Էլըն Ասատրեան: