ՊԱՔՈՒ, «Թայմզ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ատրպեճանական լրատու գործակալութեան (Էյ.Էն.Էս) հեռատեսիլի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման «ճանապարհային քարտէս»ին մէջ ընդգրկուած են 6 սկզբունքներ:
«Անոնցմէ մէկը Ղարաբաղին յարակից տարածքներէն հայկական զօրքերու դուրսբերումն էր, այդ իսկ պատճառով, այդ քննարկումները մեզ համար մեծ կարեւորութիւն ունէին, սակայն այդ սկզբունքը արդէն վերցուած է», ըսած է Մամետեարով:
Ազերի նախարարը շեշտած է, որ իրենք պիտի շարունակեն բանակցութիւնները՝ խաղաղութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան հասնելու համար:
«Կարելի չէ ըսել, որ Հայաստանը նոյնը չի ցանկար: Միւս կողմէ, Երեւանը ունի իր մօտեցումը գործընթացներու վերաբերեալ», յայտարարած է Մամետեարով: