
ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Յունիս 29ին, մինչ յաջորդական երկրորդ օրն ըլլալով Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենային՝ պետական ծախսերը կրճատելու, տուրքերը բարձրացնելու եւ պետական ընկերութիւններ սեփականացնելու կառավարութեան ծրագիրներուն դէմ, սնանկացման վտանգը դիմագրաւող երկրին խորհրդարանականները 138ի դէմ 155 քուէներով վաւերացուցին սոյն ծրագիրներուն առնչուող մէկ բանաձեւը: Յունաստանի կառավարութիւնը կը յուսայ այս քայլերով 40 միլիառ տոլար խնայել յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին:
Երկրի պարտատէրերը կը սպառնային անցեալ տարի Աթէնքի իշխանութեանց խոստացուած գումարին վերջին բաժինը չյանձնել, եթէ սոյն բանաձեւը չվաւերացուէր խորհրդարանին կողմէ:
Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օր գործադուլ հռչակած աշխատաւորական շարք մը միութիւններ եւ տասնեակ հազարաւոր ցուցարարներ կը յուսային յաւելեալ կրճատումներու առաջքը առնել իրենց արարքներով, սակայն միջազգային ճնշում դիմագրաւող խորհրդարանին մէջ իշխող ընկերվարական կուսակցութեան անդամներէն 155ին 154ը բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեց, իսկ դէմ քուէարկած միակ երեսփոխանը, նոյն օրն իսկ արտաքսուեցաւ երեսփոխանական խմբակէն: Ընդդիմադիր պահպանողականներէն միայն մէկ երեսփոխան բանաձեւին ի նպաստ քուէարկեց, մինչ հինգ ուրիշներ ձեռնպահ մնացին: Չորեքշաբթի օր եւ ցոյցերու ընթացքին բախումներ տեղի ունեցան ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ. իբրեւ հետեւանք՝ 21 ոստիկաններ եւ 15 ցուցարարներ վիրաւորուեցան: Ձերբակալուեցան նաեւ 26 ուրիշներ:
Երեքշաբթի օր վիրաւորուած էին 46 ոստիկաններ ու ցուցարարներ, եւ ձերբակալուած էին 14 ուրիշներ:
Եւրոպական պետութիւնները, յատկապէս Յունաստանի գլխաւոր պարտատէրեր Գերմանիան եւ Ֆրանսան, ողջունեցին խորհրդարանի սոյն որոշումը, որմէ ետք միջազգային համայնքը պիտի անցնի Յունաստանի յաւելեալ վարկեր տրամադրելու նոր ծրագիր մը որդեգրելու աշխատանքին, հակառակ այն իրողութեան, որ կարգ մը տնտեսագէտներ կը պնդեն, թէ Յունաստան իր հսկայ պարտքերը ամբողջութեամբ վերադարձնելու կարելիութիւնը չունի, եւ կ՛աւելցնեն, թէ միայն պարտքերուն մէկ մասը ներելու կամ անոր վճարումները վերադասաւորելու ճամբով կարելի պիտի ըլլայ լուծել տնտեսական այս տագնապը, որ բեռ մը դարձած է Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան վրայ: