ԹԵՀՐԱՆ, «Նիուզ».- Այսօր Հայաստանի Ալփինիզմի եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնակցութեան հաւաքական խումբը (եօթը անձ), Իրանի Ալփինիզմի դաշնակցութեան հրաւէրով, կը մեկնի Իրան՝ բարձրանալու համար այդ երկրի բարձրագոյն լեռը՝ Տեմաւենտը, որուն բարձրութիւնը 5671 մեթր է:
Վերջին 15 տարիներուն ընթացքին, ասիկա առաջին փորձն է վերականգնելու համար հայկական լեռնագնացութեան աւանդոյթը: