ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Համաշխարհային տնտեսական տագնապին օրէ օր սաստկացումը պատճառ կը դառնայ, որ շատե՜ր

կորսնցնեն իրենց աշխատանքը, ուստի եւ արդար եկամուտը: Ամէնէն փորձառու պաշտօնեան անգամ սկսած է մտահոգուիլ, որ կարգը կրնայ իրեն գալ, եւ փողոց իյնալով ի՛նք ալ կրնայ սկսիլ գործ փնտռելու «հանդիպումներ» ունենալ հոս ու հոն: Հակառակ այս իրողութեան, սակայն, դեռ կարելի՛ է հանդիպիլ այնպիսի աշխատաւորներու, բարձր մակարդակի պետական պաշտօնեաներէն մինչեւ խոնարհ գործեր կատարողներու շարքերուն մէջ, որոնք այնպէս կը խորհին, թէ՝ գործատէրը մի՛շտ շնորհակAալ պէտք է ըլլայ իրենց, բացառիկ գործ կատարելնուն համար: Միամիտ գիւղացիին խօսած առածը կը մոռնան անոնք, որ կ՛ըսէ՝ աշխատանքդ մի՛ թանկացներ, որպէսզի դո՛ւն չ՛աժաննաս:
Բարձր պաշտօններու վրայ եղող անձնաւորութեանց մօտենալու դժուարութեանց մասին կրնան բազմաթիւ վկայութիւններ բերել այն անձերը, որոնք գործ փնտռելու հետամուտ եղած են իրենց նեղ օրերուն: Հազիւ գրասեղան ունեցած, կամ «մատիտ բռնել»ի վարժութիւնը ձեռք ձգած, այսպիսի մարդիկ կը ջանան ստորադասել դիմողները, առանց մտածելու որ նոյն կացութեան մէջ իրենք ալ կը գտնուէին, ընդամէնը մի քանի տարիներ, կամ գուցէ տասնամեակներ առաջ:
Պաշտօնի բերմամբ ուրիշները ստորադասելու ունակութիւնը ներկայացուած է հոգեբանական գիտութեան մէջ, իբրեւ հալածախտէ տառապողներու մէջ յայտնուող յստակ երեւոյթ: Արտաքնապէս անյայտ այս կացութիւնը, միայն պարագաներու բերմամբ զգալի կը դառնայ, երբ մանաւանդ իրեն դիմող անձը ընկերային միեւնոյն մակարդակի անձ է: Ուրիշ խօսքով, հոգեբաններ կը հաստատեն, թէ՝ երբ յանկարծ դիմողը շատ աւելի բարձր ընկերային դասակարգէ կու գայ, կեղծ համեստութեան մօտեցումը կը ցուցաբերեն անոր նկատմամբ: Իսկ երբ անիկա ընկերային միեւնոյն դասակարգի զաւակ է, առաւելագոյն չափով կ՛օգտագործեն իրենց տրուած իրաւասութիւնները: Ալ ի՜նչ խօսք խոնարհ խաւէն եկողներուն մասին, որոնք ոչնչութեան համահաւասար գոյութիւններ կ՛երեւին անոնց աչքին:
Երկար տարիներու պատմութիւն ունեցող Ընկերութեան տնօրէնուհին, որուն վաստակը բարձրօրէն գնահատուած էր գործատէրերուն ու տնտեսական մարմիններուն կողմէ, յանկարծ նշմարեց որ իր Ընկերութեան մէջ սովորական աշխատանքներ կատարող կիներէն մէկը, ճիշդ իր բռնած պայուսակէն առած էր: Բախտի բերմամբ ալ, յիշեալ տնօրէնուհին ու աշխատաւորը միեւնոյն դասակարգէ եղած էին անցեալին, ու իրարու ալ ծանօթ: Բախտին անիւը անոնցմէ մէկը դրած էր այդ բարձր պաշտօնի հանգստաւէտ աթոռին վրայ, իսկ միւսը՝ քրտինքով թրջուող առօրեային մէջ…:
Արքունական ցեղի պատկանող անձեր նոյնիսկ, երբեմն պարզութիւն կը փնտռեն, ու սովորական քաղաքացիներ իսկ Դքսութեան մակարդակին բարձրանալէ ետք չեն մոռնար իրենց նախկին կեանքը: Մէկ խօսքով, այսօր տարազը կամ պայուսակը չեն մարդը Մարդ ընողները, այլ՝ անոր «մարդ»ութեան զօրեղ յատկանիշները:
Շարունակելով վերոյիշեալ Ընկերութեան կացութիւնը, արդիւնքը ընթերցողին դատողութեան կը թողունք: Սակայն օգնելու համար, պարզապէս արձանագրենք, թէ միեւնոյն ընկերային մակարդակի զաւակ ըլլալով, խոնարհ խաւի պաշտօնեային արգիլուեցաւ, իր նոր պայուսակը բռնած գործի գալով ուրախանալու երջանկութիւնը…:
Հակառակ տնտեսական վերիվայրումներուն հետեւանքով գործի զանազան ասպարէզներու դիմող բազմաթիւ անձերու գոյութեան, այսօր եւս դժուար գտանելի են պարկեշտ ու իրենց աշխատանքին նուիրեալ պաշտօնեաներ: Ժամացուցային սլաքներուն պտոյտին հետ իրենց գլուխը պտտցնող գործաւորներ շատ կան, որոնք արձակման ժամու վերջին վայրկեանը չեկած, արդէն ելքի դրան մուտքին կը կանգնին պարտաճանաչ դռնապանի նման:
Այս կացութեան մէջ, վստահաբար դժուար է նաեւ գործատէրերուն վիճակը, երբ յաճախ լաւը ընտրելու համար մարգարէական կարողութիւն կը խնդրեն Աստուծմէ: Ընդունման համար պաշտօնական հարցազրոյցները շատ աւելի էական են ներկայ պայմաններով, քան՝ կենսագրական տուեալներով ենթական դատելու այլընտրանքը: Երբեմն ասոնք մէկը միւսը կը լրացնեն, սակայն դէմ առ դէմ հարցազրոյցը շատ աւելի հաղորդական ըլլալով, կրնայ արտայայտիչ ըլլալ ներքին զգացումներու եւ յառաջիկայ դիտումներու: Մինչդեռ նախապէս պատրաստուած ու «չափի բերուած» կենսագրական տուեալները շա՜տ զեղչումներ կրնան կատարած ըլլալ, ու չեն կրնար ամբողջական պատկերացում տալ դիմող անձնաւորութեան ներաշխարհին մասին: Երբեմն, սակայն, որոշ տողեր իրենք իսկ կը մատնեն գրուածներուն չափազանցուած ըլլալը: Այսպէս, եօթը լեզու գիտնալ յաւակնող մէկուն կենսագրական տուեալները կարդալով, տեսայ որ իր ամէնէն լաւ իմացած լեզուին մէջ սխալներ կը վխտային:
Գործի դիմելու նպատակով հարցազրոյցի ներկայացողներուն համար անպատեհութիւնը այն է, որ յանկարծակիօրէն վրայ հասնող հարցումներուն ճիշդ պատասխաններ գտնելու դժուարութեան դիմաց կրնան գտնուիլ: Այսպէս պատահեցաւ մէկուն, որ ամէն ինչ կատարելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէր, միակ փափաք ունենալով ընդունուիլ տուեալ հաստատութենէն ներս:
Գործատէրը, որ փորձառու մարդ էր, նախապէս քանիցս կարդացած էր դիմողին կենսագրական տուեալները: Իր գրասենեակէն ներս մտնող մարդը վերէն վար չափելէ ետք, տրամաբանական դատումով նաեւ հաստատած էր ան, թէ ներս մտնողը շատ տարբեր չէր գրուած կենսագրականէն: Սակայն, փորձելու համար զայն, գործատէրը մի քանի յաւելեալ հարցադրումներ կատարեց: Արդէն իսկ խոնարհ պաշտօնի համար նկատի առնուած այս դիմողին, գործատէրը առաջարկեց աւելի՛ դժուարին ու աւելի՛ խոնարհ գործեր ալ կատարել: Ի զարմանս գործատիրոջ, դիմողը խոստացաւ կատարել բոլորը: Այս անգամ, գործատէրը զանազան արհեստներ յիշեց, որոնք մասնագիտական էին եւ կարելի չէր որ ենթական այդ ամէնը սորված ըլլար: Սակայն, դարձեալ ի զարմանս գործատիրոջ, դիմող ենթական գաղափար ունէր այդ բոլորէն:
Ի վերջոյ, գործատէրը իր ամէնէն «զգայացունց» հարցումը ուղղեց անակնկալօրէն.
_ Սուտ ալ կը խօսի՞ս:
_ Կը սորվի՛մ, շա՛տ սիրով, եղաւ պատասխանը դիմողին, առանց մտածելու թէ ատիկա դրական առաւելութիւն չէր, զոր կատարելու պատրաստակամութիւն կը յայտնէր այնքա՜ն յանձնառութեամբ:
Նոյն պատրաստակամութիւնը յայտնած են բոլոր ստախօսներն ալ իրենց «ճամբու սկզբնաւորութեան», առանց գիտնալու թէ ինչպիսի՞ աշխատանք կատարելու յանձնառու եղած են ատենին: Սուտ խօսելու վարժութիւնը եթէ այնքան միամտութեամբ կը սկսի, սակայն նենգամիտ արարքներով իր աւարտը կ՛ունենայ միշտ, երբ վնասակար արդիւնքներու կը հասցնէ մարդոց կեանքը: