ԵՐԵՒԱՆ, «Հետք».- Յուլիս 11ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ ստեղծուած Լեզուաբանական գիտելիքներու համահայկական համացանցային կեդրոնի շնորհահանդէսը, որուն ներկայ էին սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան, Գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, հասարակական-քաղաքական գործիչներ, լեզուաբաններ, հայագիտական կեդրոններու ներկայացուցիչներ՝ Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն, եւ այլք։
Նախաձեռնութեան նպատակն է՝ ստեղծել հայոց լեզուի գիտելիքներու համահայկական շտեմարան մը (ելեկտրոնային հենք), ուր պիտի ներառուին ե՛ւ ընդհանուր օգտագործման բառեր, ե՛ւ հիմնական գիտահասարակական ուղղութիւններու բնորոշ եզրեր ու բացատրութիւններ:
Այդ մէկը պիտի նպաստէ, որ տարբեր աղբիւրներու մէջ ցրուած հայերէն բառերն ու եզրերը հաւաքուին ընդհանուր մէկ կեդրոնի մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի կանխէ անոնց կորուստը՝ պայմանաւորուած գրքային բառարաններու շարքէն կամ գործածութենէն դուրս գալով:
Ներկայիս կեդրոնը կը մատուցէ հետեւեալ ծառայութիւնները. արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն-անգլերէն լեզուներով կատարուող թարգմանութիւններ, արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն-անգլերէն լեզուներով բացատրական բառարաններու շահագործում, նաեւ արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով ներկայացուող նիւթերու սրբագրում: «Կեդրոնի զարգացման առաջիկայ ծրագրերից է թարգմանուող եւ սպասարկուող լեզուների կազմում համապատասխանաբար ռուսերէնի եւ թուրքերէնի աւելացումը: Կենտրոնի նախաձեռնողները ակնկալում են Հայաստանից եւ Սփիւռքից ոլորտի մասնագէտների ակտիւ մասնակցութիւնը եւ աջակցութիւնը՝ գիտելիքների շտեմարանի համալրմանը», կը յայտնէ Սփիւռքի նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութիւնը: