ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ըստ Տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման կազմակերպութեան հրապարակած զեկոյցին, միայն 2009 թուականին, Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն ստացած է աւելի քան 54,800 հայ՝ զբաղեցնելով երկրորդ տեղը Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ քաղաքացիութիւն ստացող տասնեակ ազգութիւններու շարքին:
Հետազօտութեան համաձայն, 2005էն սկսեալ Ռուսիոյ մէջ քաղաքացիութիւն ստացող հայերուն թիւը սկսած է կտրուկ աւելնալու. եթէ 2001ին ռուսական անձնագիր ստացած է 19,267 հայ, ապա 2005ին այդ թիւը կրկնապատկուած է, իսկ եւս չորս տարի անց՝ եռապատկուած:
Ընդհանուր առմամբ, համադրելով 2001էն 2009ի տուեալները՝ կարելի է փաստել, որ ինը տարուան ընթացքին 272 հազարէն աւելի հայ ստացած է Ռուսիոյ քաղաքացիութիւն:
Զեկոյցը տուեալներ կը ներկայացնէ նաեւ Ռուսիոյ մէջ առկայ հայ բնակչութեան մասին: Անոր համաձայն, 2002ի դրութեամբ, Դաշնութեան մէջ կ՛ապրէր 481 հազար հայ, սակայն անոնց միայն մէկ երրորդը՝ 136 հազարը, պահպանած է Հայաստանի քաղաքացիութիւնը:
«Չեմ բացառում, որ Հայաստանը առաջիկայում կամ երբեւէ պատանդ դառնայ, Ռուսաստանում հայերի մեծաքանակ ներկայութեան պատճառով», վերլուծելով նշուած տուեալները՝ յայտնեց ազգագրագէտ Հրանոյշ Խառատեան եւ աւելցուց. «Վերջին 10-15 տարիների ընթացքում, պարբերաբար եղել են իրավիճակներ, երբ Հայաստանը կանգնած էր լինում Ռուսաստանից արագ վերադառնալու խնդիր ունեցող հայերին ընդունելու անհրաժեշտութեան առջեւ, այն դէպքում, երբ երկրում նրանց ընդունել պատրաստ չէին»:
Ազգագրագէտը նաեւ աւելցուց, որ ինք նոյնիսկ կը տագնապի, որ հայ-ատրպեճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ, Ռուսիա ապրող հայերուն թիւը կրնայ Հայաստանի համար կաշկանդող գործօն դառնալ:
Նշենք, որ հրապարակուած զեկոյցին համաձայն, Ռուսիա արտագաղթող տասը ազգութիւններու ընդհանուր հաշուեկշիռին մէջ հայերը տոկոսային յարաբերութեամբ կը զբաղեցնեն չորրորդ դիրքը: Առաջին երեք տեղերը կը գրաւեն Ուքրանիան, Իւզպեքիստանը եւ Ղազախստանը, որոնց բնակչութիւնը, սակայն, 5-10 անգամով կը գերազանցէ Հայաստանի մէջ պաշտօնաապէս արձանագրուած 3.2 միլիոն բնակչութեան թիւը:
Ռուսիայէն բացի, ըստ կազմակերպութեան տուեալներուն, արտագաղթող հայերուն նախընտրած ուղղութիւններն են նաեւ՝ Ֆրանսան, Լեհաստանը, Աւստրիան, Պելճիքան, Չեխիան, Հոլանտան եւ Յունաստանը:
Յունաստանի մէջ, օրինակ, Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունեցող բնակչութեան թիւը 2000-2009ի ընթացքին աւելցած է շուրջ չորս անգամով՝ 3000էն հասնելով 12 հազարի: Լեհաստանի մէջ, նաեւ, հայերը ընդգրկուած են մեծագոյն համայնքները ունեցող երեք ազգութիւններու շարքին:
«Այս արտահոսքի վնասակար հետեւանքները վերացնելու համար, չափազանց մեծ ջանքեր կը պահանջուեն։ Հայաստանի կորուստը միայն ինտելեկտուալ կամ կարողութիւններ ունեցող մարդը չէ: Հայաստանի կորուստը առաջին հերթին ժողովրդագրական կառուցուածքի որակական փոփոխութիւնն է՝ տարիքային, սեռային խմբերի համամասնութեան ու երկրի ընդհանուր սոցիալական կառուցուածքի փոփոխութիւնը», նշեց Հրանոյշ Խառատեան։
Զեկոյցին համաձայն, հայերը ընդգրկուած են նաեւ այլ պետութիւններու մէջ, ամէնէն շատ ապաստան խնդրող աշխարհի 25 ազգութիւններու շարքին: Ի դէպ, եթէ 2005ին հայերը այս ցուցակին մէջ 18րդն էին, ապա 2009ին արդէն դարձած են 16րդը, քանի որ ապաստան հայցող հայերուն թիւը 4 տարուան ընթացքին աւելցած է շուրջ 22 տոկոսով:
Անոնց գրեթէ կէսին նախընտրած երկիրը եղած է Ֆրանսան, ուր ապաստան հայցող հայերուն թիւը 2003էն ի վեր կտրուկ աւելցած է: Այսպէս, եթէ 2000 թուականին ցուցանիշը եղած է 405 անձ, ապա 2003ին անիկա եռապատկուած է, իսկ 2008ին՝ հնգապատկուած:
Հայաստանի գաղթականութեան պետական ծառայութիւնը նշեալ զեկոյցին վերաբերեալ որեւէ մեկնաբանութիւն չներկայացուց՝ խոստանալով զայն հրապարակել հետազօտութեան լաւապէս ծանօթանալէ ետք: