ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ուրբաթ, Յուլիս 15ին հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինկսի խմբակի համանախագահներ Ռապրըթ Պրատթքիի, Իկոր Փոփովի, Պեռնար Ֆասիէի, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ։
Ըստ Ատրպէյճանի նախագահի կայքէջին, հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ վիճակին եւ հեռանկարներուն շուրջ։
Համանախագահները Յուլիս 18ին Երեւան պիտի այցելեն եւ հանդիպում ունենան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ ու արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ։
Կը նախատեսուի, որ տարածաշրջան իրենց այցելութեան ծիրէն ներս անոնք նաեւ Ստեփանակերտ այցելեն։