
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալները գրած էինք, որ միջոցէ մը ի վեր Ազիզ Տաղճըի նախագահութեան ներքեւ գործելու սկսած էր «Սասունի, Մուշի, Պիթլիսի, Պաթմանի, Վանի, Պոլսոյ եւ շրջանի բոլոր գաւառակներու ու գիւղերու հայերու իրերօգնութեան միութիւն»ը, որ պարտականութիւն նկատած է զբաղիլ Անատոլուի մէջ լքուած ու աւերակային վիճակ ներկայացնող հայկական եկեղեցիներով ու վանքերով:
Ազիզ Տաղճը այժմ նորոգութեան արտօնագիր ստանալու աշխատանքի մը լծուած է։ Այս մասին երկու օրէ ի վեր հրատարակութիւն կ՛ընէ Պաթմանի «Չաղտաշ» թերթը, որ կ՛արձագանգէ Ազիզ Տաղճըի այն խօսքերուն, թէ՝ «եկեղեցիները պէտք է նորոգուին»։
Ազիզ Տաղճը Անգարայի մէջ իր ձեռամբ վարչապետարանին, մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութեան, ելեւմտական նախարարութեան եւ այլ հաստատութիւններու պաշտօնապէս յանձնած էր ամէն բանէ առաջ չորս եկեղեցիներու նորոգութեան արտօնագիր ստանալու դիմումնագրեր։ Այս չորս եկեղեցիներն են՝
1. Սասունի Մեշելի գիւղի մերձակայ Սուրբ Առաքելոց վանք՝ 360 սենեակներով կառոյցը.
2. Սասունի Մերեթօ լերան 2973 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ այս եկեղեցիին մէջ գտնուող հիմնադիրներ՝ Պաղտասարի ու Սիմտասարի դամբարանները.
3. Մշոյ նշանաւոր Ս. Կարապետ եկեղեցին.
4. Մութքիի Իքիզլեր )Թիզան) գիւղի Սպիտակ Ս. Առաքելոց եկեղեցին՝ դարձեալ 365 սենեակներով կառոյցը։
Ազիզ Տաղճը, ինչպէս արձագանգ հանդիսացեր է նաեւ Պաթմանի «Չաղտաշ» թերթը, կ՛ըսէ, որ 1915էն ի վեր այս եկեղեցիները իրենց բախտին ձգուած են եւ նորոգութիւն չեն տեսած։ Վանի եւ այլ քաղաքներու այն կազմակերպութիւնները, որոնց պարտականութիւնն է պահպանել պատմական հնութիւնները, ասոնց նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցոյց չեն տուած։ Այս եկեղեցիները նորոգութեան կարիքը ունին։ Եթէ նորոգուին, այն ատեն հայ զբօսաշրջիկներու այցելութիւններ ալ պիտի սկսին։