
Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Այս նախադասութիւնը անպայման չ՛ենթադրեր մեծածախս ծրագիրներ, այլ պարզապէս կարգ մը ճաշակաւոր խորհուրդներ ու պատկերացումներ: Այս առաջարկները գործադրելով պիտի յաջողիք ձեր ննջասենեակին պարգեւել որոշ ջերմութիւն մը: Միշտ յիշեցէք անոր իսկական ջերմութիւնը կը հասնի ձեր հոգիին:
Ահաւասիկ առաջարկները.
1. Ձեր նախասիրած կերպասով պատրաստուած սաւաններ օգտագործեցէք:
2. Եթէ ձեր ննջասենեակին յատակը տախտակամած է, ապա զայն ծածկեցէք գորգով:
3. Ձեր մահճակալը սենեակին ո՞ր ուղղութեամբ զետեղած էք: Անիկա դրա՞ն դէմ դրուած է, թէ պատուհանին տակ: Այն տեղը եւ ուղղութիւնը, որ սովորաբար կը քնանաք շատ մեծ նշանակութիւն եւ ազդեցութիւն ունի ձեր անհատական եռանդուժին վրայ: Այդ մէկը կրնայ ազդել ձեր առողջութեան, մտային կարողութեան եւ անշուշտ՝ սիրոյ կեանքին վրայ: Այս հաստատումները կը պատկանին Ֆէնկ Շուի: Այս իմաստով եթէ ձեր սենեակի պարագան այնպիսին է, որ կարելիութիւնը չունիք փոփոխութիւններ ընելու, պարզապէս անկողինին շուրջ կարմիր երիզ մը քաշեցէք՝ պատուհանին կամ դրան դէմ գտնուող բաժինին:
4. Ձեր լուսամփոփներուն լոյսերը դեղին կամ ոսկեգոյն երանգ թող ունենան, անոնք աւելի հանդարտեցնող են: Կամ նոյնիսկ կարելի է մեղմացնող կոճակ մը ունենալ անոնց վրայ, որպէսզի, ի հարկին, պէտք եղած խորհրդաւորութիւնը պարգեւէ ձեր ննջասենեակին: Կարելի է նաեւ յատուկ սիրուն ափսէի մը վրայ զանազան հասակի մոմեր զետեղել ու երեկոները զանոնք վառել, ջերմացնելու համար մթնոլորտը:
5. Հայելիները դիւրին ու աժան միջոցներ են գեղեցիկ ու խոշոր սենեակի երեւոյթ ունենալու համար:
6. Մահճակալին վրայ սողսողուն կերպասով ու վառ գոյնով ծածկոց մը փռեցէք: Այս մէկը շատ կը փոխէ ձեր ննջասենեակին իրավիճակը:
7. Մահճակալին վրայ բազմած արջուկները բարձերով փոխանակեցէք: Անոնք թող ըլլան տարբեր չափի եւ տարբեր կերպասներէ, որպէսզի աւելի հետաքրքրական ըլլան:
8. Եթէ իսկապէս մեծ փոփոխութիւն կը փափաքիք ընել նուազ ծախսով, ապա սենեակը ներկեցէք: Կարմիրը կամ ոսկեգոյնի երանգները, ինչպիսին է մեղրագոյնը՝ կը սեպուին ջերմ գոյներ: Կապոյտը, բաց մանիշակագոյնը եւ կանաչը համեմատաբար նուազ ջերմ են ու աւելի մեղմ եւ հանդարտեցնող:
9. Դուք ձեզ շրջապատեցէք ձեր նախասիրած իրերով: Կարելի է ընտանեկան պատկերներ զետեղել ձեր անկողինին կողքի սեղանին վրայ, կամ ձեր երեխաներուն արուեստի աշխատանքները շրջանակել ու կախել զանոնք պատէն: Ձեր մոմակալներու հաւաքածոն շարեցէք յարմար ու սիրուն դարանի մը վրայ: