
ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հսկայ անջրպետ պէտք է, իրարմէ բաժնելու համար մանուկն ու իր խրատ տալու ունակութիւնը: Մնայուն կերպով խրատառու դիրքին մէջ գտնուելու սահմանուած մանուկները երբ յանկարծ անցնին միւս կողմ՝ խրատատուի դիրքերուն, աշխարհի կարգը խախտուելուն հետեւանքով պատահող դէպքերու համազօր երեւոյթներ տեղի կ՛ունենան ամէնուրեք:
Խրատառուն եւ խրատատուն կրնայ երբեմն միեւնոյն անձը ըլլալ, որովհետեւ մարդ ի՛նչ տարիքի մէջ ալ գտնուի, անպայման խրատուելու կարիքը կ՛ունենայ ժամանակ առ ժամանակ: Այն անձը որ միայն խրատատուի դիրք կը վերապահէ իրեն, տգէտ պէտք է համարել պարզապէս: Առակներու գիրքին հեղինակը, իմաստուն մարդուն տրուած խրատը, կը ներկայացնէ իբրեւ զայն աւելի իմաստնացնող ազդակ, որովհետեւ իմաստունը գիտէ՛ օգտուիլ տրուած խրատէն, մինչ անմիտը կ՛անարգէ քեզ երբ լսէ տուած խրատդ (Հմմտ Առ 9.9):
Մանուկներ շատ կը սիրեն իրենցմէ աւելի փոքր տարիքի երեխաները կամ նոյնիսկ անբարբառ նորածինները «խրատել»: Տեսնուած է, որ իրենց նորածին քոյրը կամ եղբայրը կը խրատեն անոնք, երբեմն վտանգաւոր «պատիժներ» ալ սահմանելով՝ յանկարծական հարուածներ հասցնելով անոնց գլխուն ու մարմնի այլ մասերուն: Ինչո՞ւ այս պատիժները: Որովհետեւ նորածինը տակաւին գիտակից չէ, եւ չի՛ կրնար պատասխանել իր աւագ եղբօր կամ քրոջ խրատատուական խորհուրդներուն: Ուստի, իր տուած խրատը անտեսուած ըլլալուն յանցանքը բարդելով նորածինին վրայ, աւագ քոյրը կամ եղբայրը հարուածային պատիժ կը հասցնէ անոր, միաժամանակ հաշիւ կամ պատասխան պահանջելով:
Մանուկներու այս ունակութիւնը երբեմն կը յամենայ ոմանց մօտ, նոյնիսկ երբ երիտասարդութեան կամ չափահասութեան տարիքը թեւակոխեն անոնք: Ասիկա անշուշտ չի՛ պատահիր իբրեւ շարունակութիւն մանկական խրատատուութեան նախկին սովորութեան: Այլ, որոշ դէպք կամ քաջալերանք հարկաւոր է, տուեալ անձը մղելու համար դէպի այսօրինակ խրատատուութիւն: Այսպէս օրինակ, ծնողքը կամ ընտանեկան շրջապատին մէջ գտնուող հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը կրնայ քաջալեր հանդիսանալ մանկամիտին, զայն մղելով խրատելու իր հասակակիցները: Իսկ այս դափնեկիր խրատատուն շատ չանցած, յոյժ սահմանափակ գտնելով իր ասպարէզը, շուտով կ՛ընդարձակէ զայն, իրմէ աւելի տարեցները խրատելու ձգտումներով գործի լծուելով:
Թերեւս եթէ ան մնար իրեն սահմանուած շրջագիծին մէջ, այնքան ալ ուշադրութեամբ պիտի չդիտէին զինք գիտակից մարդիկ, որովհետեւ տհաս անձերու խրատատուն դառնալու ինքնախաբէական աշխատանքով պարզապէս ինքզինք զբաղեցուցած պիտի ըլլար ան: Սակայն երբ շրջագիծը կ՛ընդլայնէ ան, ու կը մտնէ արդէն որոշ փորձառութիւն ունեցող անձերու սահմաններէն ներս, ուր այս անգամ ի՛ր տհասութիւնը աչքի կ՛իյնայ ամենայն մերկութեամբ, ծիծաղի պատճառ կը հանդիսանայ: Այնպէս ինչպէս մկրտութեան բերուած մանչուկը, որ մինչ այդ կը ժպտէր շուրջը գտնուող հարազատներուն, յանկարծ ինքզինք մերկացուած գտնելով ամօթահար կը սկսի լալ, այդպէս ալ այսպիսիներ խրատ տալու մեծամտութեամբ կը մօտենան մեծերուն, սակայն քիչ ետք իրենց իմացական մերկութեան ամօթէն կը խպնին ու կը հեռանան:
Ողբերգութիւն կրնայ պատահիլ այն ատեն, երբ մանկամիտ դափնեկիր խրատատուներ խպնելու զգայնութիւնը կորսնցնեն…: Ասիկա կը պատահի կա՛մ չափազանց տգիտութեան, եւ կամ՝ չափազանց հպարտութեան հետեւանքով, որ ենթական կուրցնելու կարողութիւն ունի: Փորձառու անձերէն մէկը այլ պատճառ ալ կու տար նման վարքի համար, ըսելով թէ՝ մեծերու մտերմութիւնը վայելողներ շատ յաճախ նոյն փորձութեան մէջ կ՛իյնան, ստորադասները խրատելու մեծամտութենէն բռնուելով: Այս պարագային անշուշտ, հպարտութեամբ համեմուած տգիտութիւնը ի յայտ կու գայ ենթակային վրայ, ինչքա՛ն ալ փորձեր կատարէ մեծ կամ կարեւոր նիւթեր արծարծելով, ակադեմական յօդուածներու վերնագիրներ գոց սորվելով, կամ նման այլ «բարձր» խնդիրներու շուրջ կարծիք արտայայտելով տպաւորել ուրիշները:
Այս ամէնը ընել՝ պիտի նշանակէր պարզապէս մեծերուն նմանիլ փորձել, ինչ որ դրական ու գնահատելի երեւոյթ է, երբ մանաւանդ գիտակցօրէն կը կատարուի ատիկա: Սակայն մանկամիտ դափնեկիր խրատատուներ այդ համեստ կերպարը մարմնաւորելէ շա՜տ հեռու են մեր ընկերութեան կեանքին մէջ: Անոնք, ընդհակառակը, խրատատուութեան ձգտումը յարատեւօրէն ունենալով, տեսակէտ արտայայտելու եւ կեցուածք ցուցաբերելու յանդգնութեամբ կը զատորոշուին իրենց շրջապատին մէջ: Տեսակէտ ու կեցուածք սակայն, որոնք ծովու փրփուրին յանգոյն, ակնթարթային ժպիտ կը դառնան ծովու շրթներուն՝ ալիքներուն վրայ, քիչ ետք կորսուելու եւ ոչնչութեան վերածուելու դատապարտուած:
Ծիծաղելի այս իրավիճակներուն մէջ, մանկամիտ դափնեկիր խրատատուներ թակարդ ինկած մուկերու պէս յաճախ կը բռնուին իրենց չիմացած նիւթերուն շուրջ եղած խօսակցութեանց խառնուած միջոցին, սակայն հպարտութիւնը ամբողջութեամբ փակած ըլլալով անոնց աչքերն ու ականջները, անոնք նոյնիսկ չեն լսեր գիտակից մարդոց բարձրաղաղակ խնդուքի ձայները, ի լուր իրենց ցափռտուքներուն:
Մանկամիտ խրատատուներ այնքան կը գնահատուին, որ նոյնիսկ պատրաստ կ՛ըլլան մինչեւ իսկ երկիրներու նախագահները խրատելու, օդաչուներուն ուղղութիւն տալու, գործատէրերուն աշխատանք բաշխելու, մէկ խօսքով իրենց չհասկցած գործերուն ամբողջութեամբ միջամուխ ըլլալու:
Տարեցներ ո՛չ այնքան իրենց ողնասիւնի կորացման հետեւանքով կքած կը քալեն, որքան իրենց միտքը լեցնող փորձառութեան բեռի ծանրութեան պատճառով: Անոնք միայն կը ժպտին, երբ կը տեսնեն մանկամիտ դափնեկիր խրատատուներ, որոնք կը ջանան բռնազբօս լրջութեամբ քալել, չհասկցած նիւթերուն մասին հեղինակաւոր կարծիք արտայայտել, տակաւին չփորձած առարկային բարեմասնութիւնները գովել, կամ չտեսնուող ապագային մասին մարգարէական գուշակութիւններ կատարել…: Այս ամէնը կը փորձեն կատարել, սակայն, բարձրորակ լրջութիւն ցուցադրելով, մինչ տարիքը ոչ թէ միայն դէմքի վրայ կ՛երեւի երբեմն շատ ցցուն նշաններով կամ հետքերով, այլ զանազան առիթներով, երբ մանկամիտ դափնեկիր խրատատուներ չեն կրնար շրջապատէն թաքցնել իրենց մանկական զուարթ բնութիւնը:
Դպրոցական կեանքէն ներս գնահատելի նկատուող «դասարան ցատկել»ու պարագան, կեանքի դպրոցին մէջ շա՜տ տխուր հետեւանքներ կ՛ունենայ: Մինչ դպրոցին մէջ ուշիմութեան ու խելացութեան հոմանիշ է անիկա, անդին՝ կեանքի դպրոցին մէջ, խելակորոյս ու շփոթահար ուսանողի կարգավիճակ կը դառնայ, վտանգելով տուեալ անձին ապագան: Ուշացումը այս պարագային անդարմանելի հետեւանքներ կ՛ունենայ, իսկ մանկամիտ դափնեկիր խրատատուներուն փրկութիւնը՝ հրաժարի՛լ է, իրենց չվերաբերող՝ մեծերու այդ ասպարէզէն, մինչեւ կատարեալ հասունացում: