«Դուք էք ներկան, ձեր հաւատքով տիրական,
Դուք էք նաեւ մեր երջանիկ ապագան…
Դարձէ՛ք բանակ, դարձէ՛ք հեղեղ ու անցէ՛ք…»
Մ. Իշխան
Տարի մը եւս գոյատեւեց «Մերտինեան» վարժարանը. 2010-2011 ուսումնական տարեշրջանը վերջ գտաւ։ Սեպտեմբերին, «լոյսի ծարաւ» ունեցող աշակերտը փութաց դէպի իր «երկրորդ տունը», 10 ամիսներ աշխատեցաւ, ճգնեցաւ, ըմպեց «լոյսը», լեցուեցաւ գիտութեամբ, եւ ահա՝ Յունիսին, կը սպասէ իր արդար վարձատրութեան:
Հայ ուսուցիչը նոյնպէս, այդ ժամանկամիջոցին, ամբողջ հոգուով նուիրուեցաւ Հայ մանուկի դաստիարակութեան, լոյսով ողողեց անոր մատղաշ միտքը եւ հիմա՝ գոհունակ սրտով կը դիտէ անոր երթը։
Այս էր պատկերը Մերտինեան հայ աւետարանական վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, Յունիս 26ի յետմիջօրէին։ Ուրախ, սիրուն, ճըլւըլուն թռչուններու նման, շրջանաւարտ աշակերտները՝ 18 նախակրթարանի Ե. կարգէն եւ 11ը՝ միջնակարգէն, պատրաստ կը սպասէին սրահ մտնելու ազդանշանին։ Իսկ սրահէն ներս տեղ գրաւած էին անոնց հպարտ ծնողները, բարեկամներն ու վարժարանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ։
Յայտագիրը սկսաւ շրջանաւարտներու մուտքով, որուն յաջորդեց ամերիկեան եւ հայկական ազգային քայլերգներու կատարողութիւնը։ Հանդիսութեան բացման աղօթքը կատարեց վեր. Յովսէփ Մաթոսեան։
Ապա Ե. կարգի ընթացաւարտները կատարեցին անգլերէն լեզուով խմբային արտասանութիւն մը՝ «You Wish», իսկ իրենց ուղերձները կարդացին Դաւիթ Արզումանեանը (հայերէնով) եւ Տիլըն Պուչաքեանը (անգլերէնով), որմէ ետք ստացան իրենց վկայականներն ու նիւթական մրցանակները։
Հոգաբարձութեան անունով ելոյթ ունեցաւ ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեան, որ ներկաները ողջունեց բարի գալուստի եւ շնորհաւորութեան խօսքերով, խօսեցաւ գալիք ծրագիրներուն մասին, ապա շնորհակալութիւն եւ բարի երթ մաղթեց վարժարանի տնօրէնին՝ Յովսէփ Ինճեճիքեանին, որ ներկայ պաշտօնէն հրաժարելով՝ պիտի պաշտօնավարէ Սահակ-Մեսրոպ Հայ քրիստոնեայ վարժարանէն ներս, որպէս տնօրէն։
Վարժարանիս երգչախումբը հոգեւոր եւ ազգային երգերու կատարողութեամբ խանդավառեց ներկաները։
Օրուան պատգամախօսն էր Հիւսիւսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան աւագ հովիւ՝ վեր. Յովսէփ Մաթոսեան։ Ան իր ջերմ ու հաղորդական ոճով փոխանցեց իր պատգամը, որն էր՝ «Երազեցէ՛ք, սակայն ձեր երազները թող ըլլան տրամաբանական. աշխատեցէ՛ք, սիրեցէ՛ք ուսումը եւ մանաւանդ մի՛ տարուիք ձեր շրջապատով»։
Վերապատուելիի պատգամէն ետք, Ը. կարգի աշակերտները խմբովին արտասանեցին Սիպիլի «Հայ Լեզուին» քերթուածը։ Մնաք բարովի ուղերձները արտասանեցին երկու բարձրագոյն միջին ունեցողները՝ Յարութ Աւագերէցեան (հայերէնով) եւ Ռօզ Աւագեան (անգլերէնով)։ Ապա աշակերտները ստացան իրենց վկայականները, ինչպէս նաեւ նիւթական մրցանակներն ու բարոյական գնահատագիրները։ Իսկ 3րդ բարձրագոյն միջին ստացողը՝ Րաֆֆի Չարխըտեան, տնօրէնին միջոցաւ վարժարանին նուիրեց 8րդ կարգի առօրեան ներկայացնող նկարներով պատրաստուած յուշանուէր մը։
Վերջին խօսք առնողը եղաւ վարժարանի տնօրէն Յովսէփ Ինճեճիքեան. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողաց՝ իրենց զաւակները «Մերտինեան» վարժարանի հոգածութեան յանձնելու համար եւ շնորհաւորեց զանոնք, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իր հովանիին տակ յաջող տարի մը եւս բոլորուեցաւ, երախտագիտութիւն յայտնեց իր ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան՝ իրենց անսակարկ աշխատանքին համար, եւ գնահատեց բոլոր այն պատկան մարմինները, կազմակերպութիւններն ու անհատները, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս սատարեցին այս հաստատութեան վերելքին։
Ապա ան իր վերջին պատգամը տուաւ Միջնակարգի շրջանաւարտ աշակերտներուն՝ ըսելով. «Չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի տանիք ձեզի հետ այս յարկէն, ուր ստացաք ձեր կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը։ Իմ բաղձանքս է, որ ձեր մտքին ու հոգիին մէջ պահէք «հ» տառով սկսող հետեւեալ չորս բառերը՝ Հայ, Հայաստան, Հայերէն եւ Հաւատք։ Եղէ՛ք տիպար հայեր եւ հպարտ զգացէք ձեր հայութեամբ։ Սիրեցէք ձեր հայրենիքը՝ Հայաստանը։ Կառչած մնացէ՛ք ձեր մայրենի լեզուին, անով խօսեցէ՛ք, երգեցէ՛ք ու աղօթեցէք։ Եւ վերջապէս՝ հաւատարիմ մնացէք ձեր նախահայրերու քրիստոնէական սուրբ հաւատքին եւ մի՛ մոռնաք, որ ձեր բոլոր դժուարութիւններուն մէջ, Աստուած ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։
Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վեր. Յ. Մաթոսեանի արձակման աղօթքով:
Հանդէսէն անմիջապէս ետք, ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի «De Luxe» ճաշասրահ, ուր մտերմիկ ու ջերմ մթնոլորտի մէջ աշակերտներ, ծնողներ եւ ուսուցիչներ անցուցին ուրախ եւ անմոռանալի պահեր։
Յունիս 17ին, վարժարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը, ուր վկայուեցան 36 աշակերտներ: Հանդէսէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն։