ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ
Միայն վերջերս էր, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան կը յոխորտար, թէ իր Արդարութիւն եւ

բարգաւաճում կուսակցութեան կազմած կառավարութեան օրերուն, երկրին քիւրտ քաղաքացիները սկսած են յաւելեալ իրաւունքներ ստանալու, մինչ նախկին կառավարութիւնները նոյնիսկ կը մերժէին ընդոaւնիլ, թէ երկրին մէջ քիւրտեր գոյութիւն ունին՝ զանոնք պարզապէս լեռնային թուրքեր համարելով:
Սակայն մինչ Էրտողան կը թուի առնուազն մասնակիօրէն ինքզինք բուժած ըլլալ քիւրտ չտեսնելու հիւանդութենէն, անոր բուժումը բացայայտօրէն այնքա՛ն ամբողջական չէ, որ ան մինչեւ այսօր իսկ չի կրնար տեսնել Կիպրոսը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան այդ կղզին այցելած է այս շաբաթասկիզբը:
Արդարեւ, թրքական «Վաթան» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ Էրտողան բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ յայտարարած է, որ Կիպրոս կոչուած պետութիւն մը գոյութիւն չունի աշխարհի վրայ…
«Ներկայիս, Կիպրոս կոչուած պետութիւն գոյութիւն չունի։ Գոյութիւն ունի հարաւային Կիպրոսի յունական վարչակազմ եւ հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւն», ըսած է Էրտողան։
Անակնկալ մը չէ, որ 37 տարիներէ ի վեր կղզիին օրինական կառավարութեան գերիշխանութիւնը ոտնակոխող պետութեան մը ղեկավարը չտեսնէ իր աչքին առջեւ պարզուած իրականութիւնները, սակայն Էրտողան իր այս յայտարարութեամբ, ինքզինք ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ յատկապէս Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան դիմաց, որ այսուհետեւ իրաւունք ունի Էրտողանին հարցնելու, թէ ինչպէ՞ս կրնայ դիմում կատարել միութեան մը, որուն մաս կազմող անդամներն իսկ չի կրնար տեսնել:
Անշուշտ Էրտողան շատ լաւ գիտէ նաեւ, որ նուազ քան տարի մը ետք, իր «չտեսած» Կիպրոսը պիտի ստանձնէ Եւրոմիութեան նախագահութիւնը: Այդ պարագային, Էրտողանը արդեօք ամբողջ Եւրոմիութեան գոյութիւնն իսկ կասկածի տակ պիտի առնէ՞:
Յատկանշական է նաեւ, որ Էրտողան հիւսիսային Կիպրոսի մէջ դիմաւորուած է ոչ միայն սիրալիր պաշտօնատարներու կողմէ, այլ նաեւ բողոքի ցոյցերով, որոնց պատճառով ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախում տեղի ունեցած է եւ ոստիկանութիւնը ձերբակալութիւններ կատարած է։