– Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, թէ Ֆրանսայի Ծերակոյտը պատրաստած է Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ զեկուցում մը, որուն մէջ ֆրանսացի քաղաքագէտներուն կոչ կ՛ըլլայ զգուշանալու հակաթրքական յայտարարութիւններէ։ «Թուրքիան աշխարհաքաղաքական տեսանկիւնէ կարեւոր երկիր է։ Սակայն քաղաքական որոշ գործիչներու կողմէ կը կատարուին այնպիսի յայտարարութիւններ, որոնք կ՛ունենան բացասական շատ լուրջ հետեւանքներ։ Յոյսով ենք, որ ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ նիւթը չի քաղաքականացուիր», կը նշուի զեկուցումին մէջ։
– Երկիր մոլորակի բնակչութեան թիւը 2011 աշնան պիտի անցնի 7 միլիառի սահմանը։ Վերջին յիսուն տարիներուն ընթացքին, բնակչութեան աճի արագ կշռոյթը մտահոգիչ է, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ միայն 1960-1999 թուականներուն, մոլորակի բնակիչներուն թիւը կրկնապատկուած է։ Աճին 95 տոկոսը կ՛արձանագրուի չքաւոր եւ թերաճ երկիրներու մէջ, մինչ Ռուսիոյ եւ եւրոպական շարք մը այլ երկիրներու մէջ, բնակչութեան թիւը կը շարունակէ նուազիլ։
– Ըստ ֆրանսական մամուլին, Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւնը Դրամական միջազգային հիմնադրամի նախկին ղեկավար Տոմինիք Սթրոս Քանը Ֆրանսայի նախագահական ընտրութեանց թեկնածուներու ցանկին մէջ չէ առաջադրած։ Սթրոս Քան Մայիսին ձերբակալուած էր Նիւ Եորքի պանդոկներէն մէկուն սպասուհիին դէմ սեռային բռնութիւն կիրարկելու մեղադրանքով, սակայն աւելի ուշ ամբաստանութեան շուրջ կասկածներու հետեւանքով, Քան փրկագինով ազատ արձակուած էր։ Ֆրանսայի մէջ կատարուած հարցախոյզներու համաձայն, բնակչութեան շուրջ կէսը կը փափաքէր, որ Սթրոս Քան մասնակցի նախագահական ընտրապայքարին։ Ան կրնայ նախագահական աթոռին թեկնածու ներկայանալ, եթէ մինչեւ Մարտ 2012 կարենայ իր թեկնածութեան զօրակցող 500 հազար ստորագրութիւն հաւաքել եւ արձանագրուիլ իբրեւ անկախ թեկնածու։
– Կ՛ակնկալուի, որ 2008ին պսակաւոր արուեստից կամ գիտութեանց վկայականով շրջանաւարտ ամերիկացի համալսարանականներուն միայն մէկ երրորդը կարենայ մինչեւ 2028 վճարել իր ուսումը ամբողջացնելու համար փոխ առած պարտքերը: