«Խաչիս Ծայրէն Բռնէ՛»
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Տառապողներուն ցաւը միայն տառապողնե՛ր կրնան զգալ կամ ըմբռնել: Այլապէս անիկա կը մնայ վերացական տեսութիւն, որուն համար կրնան միայն ցաւիլ լսողներ: Կեանքի տագնապները, որոնք կը

պատահին զանազան անձերու, բնականաբար նոյն ցուցակի մէջ կարելի չէ՛ արձանագրել, երբ իրարմէ այնքա՜ն տարբեր դժուարութիւններու կը հանդիպին մարդիկ իրենց ապրած օրերուն ընթացքին:
Յուսահատութեան պահերը ծանօթ են բոլոր տառապողներուն: Որովհետեւ, տառապանքին մէջ մարդուն հանդիպող առաջին «բարեկամ»ը, որ դժուարութիւնն ու տագնապը կիսելու, տառապողին հետ զանիկա բաժնելու տպաւորութիւնը կը թողու՝ առաջին պահուն՝ յուսահատութիւնն է: Անիկա կու գայ ըսելու տառապողին, «ալ ինչո՞ւ կը տառապիս, երբ ես կողքիդ եմ: Կրնաս հրաժարիլ իրաւունքէդ, պայքարէդ ու ի վերջոյ՝ կեանքէդ, ու ազատիլ այս թշուառ կացութենէդ»: Յուսահատութիւնը միշտ ալ այս յանդգնութիւնը չունենար: Անիկա բառին ամբողջական իմաստով երկչոտ է: Որովհետեւ ո՛չ ոք կ՛ուզէ հրաժարիլ իր իրաւունքէն, պայքարէն, կամ կ՛ուզէ անձնասպանութեամբ վերջ տալ իր կեանքին: Ինչքա՜ն զօրաւոր պէտք է զգայ յուսահատութիւնը ի՛նք, որ կարենայ վճռական քայլ առնել այս առումով, ու մօտենալ իր զոհին:
Ոմանք միջավայրի փոփոխութիւնը իբրեւ լուծում կ՛առաջարկեն տառապողին: «Գնա՛, փոխուի՛ր, հեռացի՛ր առօրեայ շրջապատէդ» ըսելով, կը խրատեն անոնք դըժուարութեան մէջ եղող մարդը: Հոգեբոյժներ բազմաթիւ այլ կերպերով, իրենց ստացած ուսման հետեւողութեամբ, ուղղութիւններ կու տան հիւանդին, զայն առաջնորդելով միտքով ու հոգիով աւելի խաղաղ միջավայր: Հակառակ անոր, որ դժուարութիւնները կը յամենան մնալ տուեալ անձին շրջապատին մէջ, սակայն անոր մտային դաշտը նոր հորիզոններու բացուած ըլլալով, միեւնոյն անձերուն դէմքին վրայ նոր կերպարներ կը յաջողի ուրուագծել, հոգեկան իր աչքերով նոր մարդիկ տեսնելու կամաւոր ինքնախաբէութեան կարողութեան հասնելով: Հոգեկան խաղաղութիւնը, զոր այսպիսի անձեր կը վայելեն, անփոխարինելի երջանկութեամբ կը լեցնէ անոնց սիրտն ու հոգին, որ զգալի տրտմութիւնը կը վերածէ երանական վիճակի, որուն դիմաց կը բացուի յոյսի առաւօտը:
Ա՛յս է ահա պատճառը, որ երբեմն մեծ թիւով տառապողներ կը ժպտին կեանքի դառնութիւններուն դիմաց, երբ միւս կողմէ այդ դառնութիւններուն բաժակը ցմրուր ըմպելու հարկադրանքին տակ կը գտնուին անոնք: Ասիկա կարելի է նմանցնել, Յիսուսի մտածողութեան մէջ երեւցող՝ «աջ երեսիդ զարնողին, ձախն ալ դարձո՛ւր» բարոյական կանոնին: Այսինքն՝ կեանքի դժուարութիւններէն ապտակուող մարդը ո՛չ միայն պիտի չդժգոհի ու պիտի չբողոքէ, այլ ընդհակառակը, մէկ դժուարութեան մէջ եղած միջոցին երբ միւսն ալ վրայ հասնի, փոխանակ դժգոհելով բողոքելու ու յուսահատելու, ընդհակառակը՝ ներելու ու տոկալու ոգին պիտի ամրապնդէ իր մէջ:
Աշխատանքի ասպարէզին մէջ մարդիկ երբ նպատակասլաց ոգիով գործի լծուած ըլլան, խոչընդոտները անդրանցնելու ամէն ճիգ կը թափեն: Նպատակասլաց ոգի ըսելով, կը հասկնանք կեանքի նպատակ: Աննպատակ կեանքը ամէնէն վտանգաւոր կեանքը կարելի է նկատել: Անգործութիւնը հիմքն է ամէն չարիքի: Ասիկա կարելի է նմանցնել ամուլ կնոջ, եւ գործով ամլացած մարդոց զուգահեռական պատկերին: Ամուլ կնոջ խօսակցութեան միակ նիւթը, իր զաւակ չունենալուն կը վերաբերի, այսինքն՝ ի՛ր սեփական ամլութեան: Մինչ ծուլութեամբ ամլացածին նիւթը, ո՛չ թէ ի՛ր ամլութիւնը, այլ ուրիշին յաճախակի բեղնաւորուի՛լը, եւ գործո՛վ արդիւնաւորուիլը կ՛ըլլայ: Դարձեալ, ամուլ արգանդը բնա՛ւ «բաւարար է» չըսեր, միշտ յուսալով պտղաւորման, սակայն ծոյլը մէկ անգամ իսկ չի դիմեր աշխատանքային փորձի, իր միտքն անգամ ներքինացուցած ըլլալով:
Նպատակասլաց կեանքն է որ յուսահատութիւնը կը վանէ, ամլութիւնը կ՛արգիլէ ու արժէք կու տայ կեանքին: Այսպէս, երբ մէկը ընտանիքի հայր կամ մայր է, եւ գիտէ որ իր ետին ունի զաւակներ, գործի մէջ պատահած ձախորդութիւնը փորձառութիւն համարելով, դարձեալ կը լարէ իր կամքը եւ կը պրկէ իր ոյժերը, որպէսզի ամօթով չմնայ կամ չվիրաւորուի իր՝ ընտանիք հոգացող անձ ըլլալու արժանապատուութիւնը:
Մարդկային ընկերութիւնը, սակայն, միատեսակ մարդոցմով չէ՛ կազմուած: Ամէն հայր, կամ ամէն մայր, իր ընտանիքը հոգացող չըլլար, ո՛չ ալ ամէն հայր կամ ամէն մայր միեւնոյն չափով կը մտահոգուի իր ընտանիքը հարուածող դժուարութիւններով: Ոմանք այնքան անտարբեր կ՛ըլլան, որ ընտանիքի ամէնէն դժուարին ժամանակներուն, ուրախութեան սեղաններու շուրջ երգ ու պարի խրախճանքներ կը սարքեն: Ցաւալի է նկատել, որ կենդանական աշխարհին մէջ, ուր անասուններ բնազդով կը գործեն, նոյնը չէ՛ պարագան:
Մարդկային տեսակ է, միայն երկու ծայրայեղութեանց համամիտ ըլլալու երեւոյթը: «Կա՛մ լաւը, եւ կամ երբեք»: Ասիկա առհասարակ արուեստներու աշխարհէն ներս մուտք գործած, ու համապատասխան զգայնութիւն ունեցող անձերու մօտ յայտնուող երեւոյթ է: Այսպէս, կեանքէն եկող դժուարութիւնները կա՛մ շատ կ՛ուրախացնեն հոգեկան նման կերտուածքով մարդիկը, եւ կամ ծայրայեղօրէն կը տրտմեցնեն, ու յուսահատութեան կը մատնեն:
Անտարբեր դասակարգն է, որ երկու ծայրայեղութեանց միջեւ գտնուող միջոցին մէջ անպայման իր տեղը կը գտնէ: Ասոնց համար ապրիլու եւ աշխատիլու ձեւերուն միջեւ տարբերութիւն չկայ: Ամէն ձեւ ալ ասոնց համար հաճելի եւ ընդունելի կ՛ըլլայ: Ասոնք սակայն, մասնաւոր կրթութիւն չունեցող անձերու պարագային նշմարուող երեւոյթներ են, որոնք յոգնիլ չեն գիտեր, մարդոց չարիք հասցնելու իրենց առաքելութեան մէջ: Ամէն գործ ու աշխատանք մէկդի թողած, այսպիսիներ իրենց ուշադրութիւնը կը լարեն չարագործութեան մութ աշխատանքը իրագործելու համար:
Նման ախտաժէտները կարելի չէ բուժել, առանց երկնային միջամտութեան: Սակայն անոնց հասցուցած չարիքներէն տուժող, ու տառապող մարդիկ միաշունչ մէկ աղօթք ունին, զոր միշտ պէտք է մատուցեն Աստուծոյ: Անոնք պէտք է աղօթեն ու ըսեն Ամենակարողին.
_ Խաչիս ծայրէն բռնէ՛:
Կեանքի տառապանքը, որ յաճախ «խա»չ բառով կը ներկայացուի, երբեմն մարդու ուսերուն այնքան ծանր կը կշռէ, որ ան կրնայ կքիլ անոր տակ: Ուստի օգնութեան կարիք ունենալով, միաշունչ այս աղօթքը կրնայ արտասանել: Այն ատեն պիտի զգայ թեթեւութիւն, հանգստութիւն, այնպէս ինչպէս ծանր բեռ կրած միջոցիդ երբ անցորդներէն մին բեռիդ մէկ ծայրէն վերցնելով օգտակար կ՛ըլլայ քեզի, գէթ շունչ առնելու առիթ տալով: Աստուած մի՛շտ պատրաստ է բեռդ թեթեւցնելու, օգնելով որ դիւրութեամբ յառաջ տանիս այս կեանքիդ մէջ ուսերուդ դրուած խաչը:
_ Խաչիս ծայրէն բռնէ՛: Այսպէ՛ս աղօթէ, երբ զգաս թէ ծանրացաւ բեռդ ու անկարելի պիտի ըլլայ շարունակել ճամբադ, հասնելու այս կեանքի վախճանին: