ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 23ին, Ծաղկաձորի մէջ, հայագիտական գիտելիքներու Համահայկական 5րդ Ողիմպիականին մասնակից ուսանողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին, Հայաստանի նախագահը պերճիմաստ ու թելադրական պատասխան մը տուած էր Արեւմտահայաստանն ու Արարատ Լեռը հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին վերադարձնելու քաղաքական հաւանականութեան վերաբերեալ երիտասարդի մը հարցումին։ Լրատու աղբիւրներու համաձայն՝ Սերժ Սարգսեան պատասխանած էր, թէ իր սերունդը պայքարեցաւ ու կրցաւ հայրենի հող վերադարձնել՝ Արցախի ազատագրումով, եւ թէ նոր սերունդի ուսերուն կը ծանրանայ պատասխանատուութիւնը աւելիին իրագործման։
Նախագահ Ս. Սարգսեանի այս աստիճան շրջահայեաց պատասխանն անգամ պատրուակ ծառայեց հայասպանութեան իր ոճիրը ուրացող թրքական պետութեան թիւ 1 ներկայացուցիչին՝ վարչապետ Ռեչեփ Էրտողանի համար, որպէսզի քանի մը օր ետք, Պաքու իր կատարած պաշտօնական այցի ընթացքին, բանակռիւ յայտարարէ Հայաստանի նախագահին դէմ։ Համացանցը ողողած լրատուութեանց եւ անոնց հայաստանեան մամուլի արձագանգին համաձայն՝ Էրտողան ըսած է. «Սարգսեանի յայտարարութիւնը սադրիչ է. ապագայ սերունդների մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելը յարիր չէ պետական գործչին. ի՞նչ է լինելու հայ երիտասարդների ապագան. նրանք իրադարձութիւններին նայելու են սեւ ակնոցներով: …Սարգսեանը շատ լուրջ սխալ է թոյլ տուել: Նա պէտք է ներողութիւն խնդրի»։
Այսպէ՛ս է թուրք պետական մտածողութիւնը։ Նոյնիսկ երբ արար–աշխարհի առջեւ հազար ու մէկ մեղք գործած է եւ արիւնոտ ձեռքերով բռնուած է ոճիրի վրայ, դարձեալ ոչ միայն իր գործած բոլոր յանցանքներն ալ կ՛ուրանայ, ոչ միայն ներողութիւն խնդրելու չափ մարդկայնութիւն չ՛ունենար, այլեւ սպառնական ոճով պետական մարդու «յարիր» վարքագիծ ցուցաբերելու դասեր կու տայ իր… զոհերուն։
Այն աստիճան, որ Թուրքիոյ վարչապետը քիթը կը կոխէ Հայաստանի նախագահին ունեցած ընտանեկան զրոյցներուն մէջ անգամ եւ իբր թէ կ՛ընդվզի, որ Արեւմտահայաստանի եւ Արարատի վերադարձին ակնարկող Սերժ Սարգսեանի պատասխանը կը ծառայէ, եղե՜ր, հայութեան վաղուան սերունդները ատելութեամբ կուրցնելու նպատակին։
Թրքական տրամաբանութեամբ՝ Հայաստանի նախագահը իրաւունք չունի եղե՜ր, նոյնիսկ իր պետական տան մէջ եւ իր նոր սերունդին հետ, այդպէ՛ս զրուցելու Ազգի ու Հայրենիքի անբռնաբարելի իրաւունքներուն մասին, յատկապէս հայ ժողովուրդէն ու Հայաստանէն բռնագրաւուած սրբազնագոյն իրաւունքին՝ հայրենի ու պապենական հողին վերադառնալու Սերունդներու Երազին մասին։
Այս աստիճան անուղղայ է թուրք պետական մտածողութիւնը։
Աւելի՛ն. այնքան ատեն, որ միջազգային քաղաքականութեան պայմանները Թուրքիոյ ի նպաստ դասաւորումով կը ներկայանան, թուրք պետական մտածողութիւնը անձնատուր կը դառնայ գետին ինկած զոհին անգամ առաւելագոյն թափով հարուածելու անպատկառութեան։
Հայաստանի նախագահին դէմ Թուրքիոյ վարչապետին յայտարարած մերօրեայ բանակռիւը բարացուցական է ա՛յս իմաստով։
Երբ Թուրքիոյ վարիչները, հին թէ նոր, անպատիժ մնալու երաշխիքներ ունին, մէկ ձեռքով նոր ոճիրներ կը շարունակեն գործել, իսկ միւսով պետական օրէնքի եւ պետական մտածողութեան «նախանձախնդիր պահապան»ի կեղծ դրօշներ կը ճօճեն աջ ու ձախ։ Չեն մտահոգուիր, որ Թուրքիոյ մէջ կը հասցնեն թրքամոլ եւ այլամերժ սերունդ մը, որ պատրաստ է կուրօրէն խեղդելու իրաւունք ու արդարութիւն պահանջող ամէն ձայն։ Հրանտ Տինքի սպանութեան սեւ թղթածրարը փաստօրէն ներ–քաղաքական սպառման ծառայող սոսկ խաղաթուղթ մըն է Թուրքիոյ վարիչներուն համար։ Բայց Թուրքիոյ վարչապետը յանկարծ կը սկսի արուեստականօրէն մտահոգ երեւալ, որ Հայաստանի նախագահը հայ ժողովուրդի գալիք սերունդներուն «պարտք»ը կը սեպէ Արեւմտահայաստանի եւ Արարատի… վերադարձը։
Գոնէ Էրտողան ինք շատ լաւ գիտէ, որ գալիք սերունդները հայեւթուրք արիւնալի անցեալի ծանր բեռէն ձերբազատելու առաջադրանքը կը պատկանի նոյնինքն նախագահ Սերժ Սարգսեանի, որ ֆութպոլային դիւանագիտութեան հաւատալու իր սխալով, ահա այսպէ՛ս, Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ 1 ներկայացուցիչին օձիքը յանձնեց Թուրքիոյ խորամանկ վարչապետին։
Մեր մեղքով է, այսպէս կոչուած Հայեւթուրք յարաբերութեանց կարգաւորման տխրահռչակ Արձանագրութեանց տակ Հայաստանի դրած ստորագրութեամբ է, որ Էրտողան այդքա՜ն վերամբարձ ամբոխավարութեամ պետական մարդու յարիր վարք ցուցաբերելու դասեր կու տայ Հայաստանի նախագահին՝ Արարատի տուն դարձին վերաբերեալ ակնարկութեան համար ներողութիւն խնդրելու պարտաւորութեան տակ դնելով Սերժ Սարգսեանը։
Էրտողանի յայտարարած բանակռուին մէջ չմտաւ Հայաստանի նախագահը։ Բայց ժամանակը յղի է ամէն կարգի անակնկալներով։ Ուշ կամ կանուխ, բանակռուով թէ քաղաքական որեւէ տեսակի առճակատումով, Հայաստանն ու Թուրքիան խուսափում չունին հայեւթուրք յարաբերութեանց բուն սառցակոյտը հալեցնելու պարտաւորութենէն։ Իսկ սառցակոյտը կը շարունակէ կուտակուիլ եւ պիտի շարունակէ կարծրանալ, այնքան ատեն որ միջազգային քաղաքականութիւնը իր օրակարգին վրայ չի բերեր Թուրքիոյ վարքագծով յանցագործ պետութեան պատժելիութեան հարցը։
Իսկ այդ ուղղութեամբ առաջին ազդու քայլը պէտք է նետէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինք՝ առանց յապաղումի յետս կոչելով իր ստորագրութիւնը արդէն վիժած Հայեւթուրք Արձանագրութիւններէն։
Որպէսզի իր անկախութիւնը վերականգնած Հայաստանի Հանրապետութեան հետ՝ միջազգային ընտանիքը պահանջէ Թուրքիայէն, որ վերջ տայ իր գործած ոճիրներու ուրացումին։
Ի վերջոյ ապաւինելով իր վայելած անպատժելիութեան՝ Թուրքիա ոչ մէկէ ներողութիւն խնդրելու ճնշումին տակ չի զգար ինքզինք եւ, ընդհակառակն, ներողութիւն խնդրելու պահանջ կը ներկայացնէ, սպառնական ոճ ալ գործածելով, նոյնինքն անոնց, որոնցմէ ինք ներողութիւն խնդրելու հազարումէկ պատճառ ունի։