ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ամառնային արձակուրդները սկսած են արդէն, եւ ամէն օր հայաստանեան թերթեր ու մամլոյ գործակալութիւններ կը միանան «հանգստացողներու» շարքին՝ դժուարացնելով «Ասպարէզ»ի նման օրաթերթերու գործունէութիւնը:
Բողոքելու իրաւունք չունինք, անշուշտ: Ընդհակառակը, մենք շնորհակալ ու երախտապարտ ենք հայկական բոլոր լրատու ծառայութիւններուն ու թերթերուն, որոնց վրայ ծանրօրէն կը յենինք՝ հայրենի իրադարձութեանց մեր լրատուութիւնը, ինչպէս եւ որոշ օժանդակ նիւթեր ապահովելու համար: Արձակուրդի գացող մեր բոլոր գործընկերներուն կը մաղթենք բարի վայելում, եւ համբերութեամբ կը սպասենք իրենց վերադարձին:
«Ասպարէզ» կը շարունակէ իր ծառայութիւնը անխափան մատուցելու վարքագիծը, որքա՛ն ալ խմբագրական կազմին վրայ պարտականութիւններն ու աշխատանքները բեռնաւորուին, որքա՛ն ալ դժուարանայ ու բարդանայ լուրերը ապահովելու գործը:
Աւելին, ամառնային այս շրջանին, տնտեսական յամեցող ճգնաժամի պայմաններուն տակ, մեր ուժերը լարելու եւ ամէն օր ծագող նորանոր դժուարութիւններ դիմագրաւելու միջոցներ պէտք է փնտռենք ու գտնենք: Անպայման կը գտնենք, գտած ենք հարիւր երեք տարի, գտած ենք աշխարհը ցնցող պատերազմներու ու համաշխարհային տնտեսական խորագոյն տագնապներու ժամանակ:
Այս փնտռտուքին ընթացքին, մեր ամէնէն վստահելի ուղեցոյցը կը մնայ մեր ընթերցողին կապուածութիւնը թերթիս, եւ անոր միջոցաւ՝ ազգային մեր իրականութեան: Խորքին մէջ, «Ասպարէզ»ի ընթերցողը իր հայրենասիրական ու ազգային զգացումներով կը սնուցէ թերթը, կը ներշնչէ անոր աշխատողները եւ զոհողութիւններու գնով կ՛երաշխաւորէ անոր գոյատեւումը, անոր շարունակականութիւնը, անոր անխափան հրատարակութիւնը:
Մենք երախտապարտ ու շնորհակալ ենք մեր ընթերցողներուն, ու պարտքի գիտակցութեամբ եւ սիրով է, որ կը վերցնենք ծանրութեան մեր բաժինը: