ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 20ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնները նախապատրաստող եւ կազմակերպող պետական յանձնաժողովի ժամանակացոյցին համապատասխան, Հայաստանի մարզերուն եւ մայրաքաղաքին մէջ, մշակոյթի նախարարութեան կողմէ կը նախատեսուին տօնական շարք մը հանդիսութիւններ:
Ըստ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի պետ Գայիանէ Տուրկարեանի, հանդիսութիւններու ծիրէն ներս պիտի իրականանան ցուցահանդէսներ, համերգներ, փառատօն, անկախութեան տարիներու արուեստի տարբեր բնագաւառները ներկայացնող հրատարակութիւններ եւ շարժապատկերներ:
Անոր խօսքով, մասնաւորապէս Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին եւ Հայաստանի Ազգային արխիւին հետ գործակցաբար պիտի բացուի «Հայաստանի երեք հանրապետութիւնները. նուաճումներ եւ խորհրդանիշներ» խորագիրով ցուցահանդէսը, իսկ ՀՀ Կեդրոնական դրամատան հետ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական դրամատան յուշադրամներու ցուցադրութիւնը:
Հայաստանի պատմութեան թանգարանին մէջ մշակոյթի, կապի եւ փոխադրամիջոցի նախարարութիւնները, «Հայփոս»չ ընկերութեան եւ Հայաստանի Ֆիլատելիստներու միութեան հետ գործակցաբար պիտի ներկայացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նամականիշներու ցուցահանդէսը:
Հայաստանի նկարիչներու միութեան տան մէջ պիտի բացուի «Անկախութեան գունապնակ» գեղանկարչութեան ցուցահանդէսը: ՀՀ մշակոյթի նախարարութիւնը՝ Հայաստանի հանրային հեռուստա-ռատիօ-ընկերութեան, Հայաստանի երգահաններու եւ երաժշտագէտներու միութեան հետ համատեղ, պիտի իրականացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի մասնագիտական ձայնագրում՝ տարբեր կատարումներով:
Նաեւ «Հայկ» վաւերագրական շարժապատկերներու արուեստանոցը՝ Հայաստանի շարժապատկերի մասնագէտներու միութեան հետ համատեղ, պիտի իրականացնէ «Անկախութիւնը Վաւերագրուած» խորագիրով վաւերագրական շարժապատկերի փառատօնը:
Պետական պատուէրով պիտի հրատարակուին «Հայ կինօ. անկախութեան տարիներ», «Անկախութեան 20 տարիները լուսանկարներում», «Անկախութեան սերունդ» ժողովածուները եւ Անկախութեան 20ամեակին նուիրուած նկարչական ցուցահանդէսի գրքոյկը: