ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 5ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Սփիւռքահայ ուսուցիչներու վերապատրաստման 2011ի ծրագիրի մասնակիցները:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Հ. Յակոբեան նշեց, որ ուրախ է հայրենիքի մէջ տեսնելով Սփիւռքի

համայնքներուն սիրտը, ոգին հանդիսացող, հայ կրթութեան գործը կազմակերպող, հայապահպանութեան, հայկական ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամենամեծ նուիրեալը՝ հայ ուսուցիչը:
Հ. Յակոբեան ցաւով արձանագրեց Սփիւռքի հայկական ամէնօրեայ դպրոցներու եւ աշակերտներու թիւի նուազման փաստը, միեւնոյն ժամանակ ուրախութեամբ նշեց միօրեայ դպրոցներու թիւին աճը: Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքեան կրթօճախներու որակի բարձրացման խնդիրին, որ պետութեան ուշադրութեան կեդրոնը կը գտնուի:
Տեղեկացնելով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սփիւռքահայ շրջանաւարտներու համար հայագիտական առարկաներու գծով ամէն տարի համալսարանին մէջ 70 տեղ յատկացնելու մասին՝ նախարարը կոչ ըրաւ սփիւռքահայ ուսուցիչներուն, որ իրենց համայնքներուն եւ դպրոցներուն մէջ երիտասարդները յորդորեն հայրենիքի մէջ բարձրագոյն կրթութիւն ստանալ: Հ. Յակոբեան անդրադարձաւ նաեւ դասագիրքերու խնդիրին եւ ուսուցիչներու վերապատրաստման նպատակով մասնագէտներու գործուղման՝ դէպի Սփիւռքի տարբեր համայնքներ:
Նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց Սփիւռքի մէջ լեզուի պահպանութեան ու հայեցի կրթութեան բարելաւման ուղղուած սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրներն ու միջոցները:
Շուրջ երկու ժամ տեւած հանդիպման աւարտին, նախարարը պատասխանեց ուսուցիչներու հարցումներուն: