ԵՐԵՒԱՆ.- «Վանի Թռիչքներ» ընկերութեան սեփականատէր Արսլան Պայրամ, թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» թերթին փոխանցած է իր ընկերութեան ստացած տեղեկութիւնները, թէ՝ Ատրպէյճան «Վան-Երեւան» թռիչքները ցանկալի չի համարեր:
Յիշեցնելով, որ Թուրքիոյ շարք մը քաղաքներէն կանոնաւոր կամ սեզոնային թռիչքներ կը գործեն դէպի Երեւան՝ թղթակիցը կը փոխանցէ, որ «Վանի Թռիչքներ»ը այժմ Վան-Երեւան թռիչքներուն համար կը սպասէ պաշտօնական Անգարայի արտօնութեան: Ուստի, թռիչքներուն մեկնարկը անորոշ ժամանակով յետաձգուած է: Արսլան Պայրամ թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին նշած է. «Սկիզբը մեզի ըսին, որ կրնանք սկսիլ թռիչքներուն, բայց փոխեցին իրենց միտքը. հիմա կը սպասենք թոյլտուութեան»: