ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Օգոստոս 2ի դրութեամբ, Հայաստանէն արտածուած է 7134.5 թոն ծիրան, որմէ 53.7 թոնը՝ Ուքրանիա, 540 թոնը՝ Վրաստան, 0.5 թոնը՝ Հոլանտա, իսկ մնացեալը՝ Ռուսիա:
ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարարութեան Բուսաբուծութեան եւ բոյսերու պաշտպանութեան վարչութեան տուեալներուն համաձայն, այս տարի ծիրանի բերքը կազմած է աւելի քան 40 հազար թոն: Հանրապետութենէն արտածուող բարձրորակ ծիրանը, տեղւոյն վրայ առնուած է 650էն 800 դրամով (1.8-2.2 տոլար), իսկ տեղական ընկերութիւնները բերքին մնացեալ մասը գնած են 90էն 100 դրամով:
Մինչդեռ անցեալ տարի արտածուող ծիրանը հողատէրերէն գնուած էր 1000-2500 դրամով:
Նշենք, որ 2010ին, անբարենպաստ եղանակին պատճառով, ծիրանի բերքի ամբողջ ծաւալը կազմած էր 25 հազար թոն: