ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Վստահ եմ կռահեցիք, ես մեքսիքական շնազգիներու Չիհուահուա ցեղին պատկանող, շարժապատկերի աստղ Թայնի Տը Սփրինքլըրն եմ։ Ըստ իմ նոր տիրոջս՝ հաւաստիացումներուն, անցեալին որդեգրած տասնեակ մը շուներէն ու շնիկներէն ամէնէն ուշիմն ու խելացին եմ, ու աւելորդ պիտի չըլլար շեշտել՝ նաեւ քիթի ծակ ունեցողը, այսինքն՝ առօրեայ կեանքին մէջ զօրաւոր հոտառութիւն ցուցաբերողը, եւ այս բոլորը՝ հակառակ բնութեան քմայքով ինծի բախտ ինկած ֆիզիքապէս փոքրամարմին գոյութեան մը։ Այստեղ հարկ է աւելցնել, թէ հէգ Նափոլէոնն ալ նոյնպէս փոքրամարմին էր, սակայն այդ մէկը երբեք պատճառ չեղաւ, որ շնորհիւ հանճարեղ տղամարդու իր յատկութիւններուն, պարզ տասնապետի աստիճանէն ոստում մը կատարելով՝ կայսր դառնար ու ամբողջ Եւրոպային տիրէր, ինչպէս նաեւ անկուշտ Ժոզեֆինին սիրոյն։
Տարիքս մի հարցնէք. շիտակը այդ հարցով ես ալ տակաւին խարխափումներու մէջ եմ։ Ըստ անասնաբոյժիս՝ այն պարոնը, որ զիս խժդժօրէն ամորձազրկեց՝ շատ գտնելով բնութեան պարգեւած քիչիկ մը բերկրանքը, այո՛, ըստ յարգելի այդ պարոնին՝ մէկ ու կէսի շուրջ կը տարուբերի տարիքս։ Սակայն ի՞նչ հոգ, երբ մարդիկն ու շնիկները բնորոշողը, խելքն է ու կատարած գործը, եւ ոչ թէ մսխուած, մուխը մարած տարիներու գումարը։ Այս ալ աւելցնեմ, թէ մինչեւ օրս, ոչ իմաստութեան տեսակէտով գանգատելու պատճառ ունեցեր եմ, ոչ ալ մասնաւորաբար՝ քաջութեան ու տղամարդկութեան։
Դեռ քանի մը օր առաջ էր, երբ փորձաքարի զարնուեցաւ առնական կարողութիւնս, երբ առաւօտ կանուխ, ըստ սովորականին քալելու ելանք։ Մեզի կ՛ընկերանար նաեւ ինքնիրեն «մաննըքեն»ի հովեր տուած երկար թաթիկներով տան չորսամեայ շնիկը՝ Մինին, որուն հետ մեր առաջին հանդիպումը, զգացական գետնի վրայ, բաւական խոստմնալից թուեցաւ ինծի, ինչպէս լիբանանահայերը կ՛ըսեն՝ «առաջին րոպէէն սիրտս ճըզզզ ըրաւ»… Խայտառակը, հակառակ իր շուն «հալ»ին, բարձր գիտակցութիւն ցոյց կու տայ հեշտագրգիռ, կրծուելի՛ք իր էութեան։
Անտարակոյս, հասակս էր պատճառը, որ սկիզբները Մինին, երազային այդ էակը, զիս արհամարհէր, քանի որ ունէր փողոցի երկայնքին զինք դարպասող բազմաթիւ «պոյով-պոսով» արու երկրպագուներ, որոնց հետ ճակատիլը ինծի համար առօրեայ պայքար ու մարտահրաւէր դարձաւ։ Մինչեւ որ մեր «խանում»ը համոզուի առնական կարողութիւններուս ու ինչպիսի՛ առիւծի սիրտ կերած բալա ըլլալուս, ինչ որ մարդուս հասակին հետ ընդհանրապէս կապ չունի… Եկէ՛ք բոլորիս միտքի հանգստութեան համար փակենք խնդրայարոյց այս թեման։
Այո՛, երբ առաւօտ կանուխ երեքով մեր քովընտի փողոցը կը ճեմէինք, հազիւ Հոնոլուլուն հատող՝ Լա Քրեսենթայի խաչմերուկը հասանք, խոշոր Գամփռ մը, որուն «Մենց Վու-վու» մակդիրը տուած է «շեֆ»ս եւ ըստ իր կարծիքին՝ Մինիին երկրպագուներու շարքին կը պատկանէր այդ հրէշը, անզուսպ նախանձէ տարուած՝ չտեսի պէս վրաս յարձակեցաւ։ Առանց չափազանցութեան, իմ քսանապատիկ քաշս ունէր անպատկառը։
«Իսկ ո՞ր յանցանքիդ համար…», պիտի հարց տրուի անկասկածօրէն։ Իսկ դուք՝ երկոտանիներդ, ինչո՞ւ զիրար կ՛ատէք, եթէ ոչ չար նախանձէ մղուած…
Երբ քնքուշիկ Մինիին հետ, «Մենց Վուվույենց» բնակարանը եզերող մետաղեայ ցանկապատին առջեւէն, ռոմանդիկ ձեւով կողք կողքի կ՛անցնէինք, առանց մոռնալու օրհնեալ մէզս հոս ու հոն սրսկելու անհուն հաճոյքը, թունաւոր նախանձէն մղուած ու իր անզուսպ «ես»ին մէջ խոցուած անպիտանը, գրեթէ զիս պիտի բզկտէր։
Ֆրանսացիները ունին այսպիսի պարագաներուն սազող խօսք մը, զոր մեծն Նափոլէոնին կը վերագրեն՝ «Cherchez la femme…»:
Աղբերս, յարձակում մը գործեցի անպատկառին վրայ, հաջոց մը, հսկայ Գամփռը՝ խելակորոյս՝ ուրկէ գալը չիմացաւ։
– Հո՛ս նայիր,- ըսի շնական մեր բարբառով եւ հաջոցներով,- ես քու ճանչցած ամերիկացի ղզիկ շուներէն չեմ, ինծի «Թայնի տը Սփրինքլըր» կ՛ըսեն ու ամբողջ Հոլիվուտը անունովս կ՛երդնու… եւ մի կարծեր, որ դերասանի մեծխօսիկութիւն է ըրածս…
Այս բոլոր իրարանցումին մէջ, սակայն, անկարեւոր թուացող կէտ մը անակնկալի բերելով զիս՝ սրտիս մխուեցաւ, ցաւ ու մորմոք պատճառեց ինծի, երբ «շեֆ»ս, որ խորքին մէջ կենդանասէր, բարի մարդ է, Մինիին առջեւ ըրաւ նսեմացնող, անտեղի եւ վիրաւորական ակնարկութիւն մը, որ զիս վայրկեանապէս պիտի զգետնէր.
– Ծօ՛, Թայնի, ուշադիր եթէ չըլլաս,- ըսաւ ան,- մեծ Վուվուն քեզ սուշիի պէս հում-հում կ՛ուտէ։
Վիրաւորական ակնարկութիւն մը, որուն քիչ մնաց՝ «Ճիվերս կ՛ուտէ» պիտի պատասխանէի, սակայն լռեցի՝ «շեֆ»իս իբրեւ յարգանք։
Այս պահուս, ուշիմ ընթերցողը հարց պիտի տայ, թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ Հոլիվուտի մէջ ճանաչում գտած Թայնի Սփրինքլըրս, պէյրութահայերու մօտ ապաստան գտնեմ։ Երկար պատմութիւն է։ Սակայն պիտի փորձեմ քանի մը տողերու մէջ սահմանել ոդիսականս։
Շարժապատկերի տեղացի մասնագէտի մը չեմ գիտեր քանիերորդ շնիկն էի։ Այս մարդիկը մէկ-երկու շնիկով չեն բաւարարուիր ու մարդ յաճախ համրանքը կը կորսնցնէ։ Բայց քանի որ իր գործը ֆիլմաշխարհի հետ էր, մեր տէրը եկամուտի երկրորդ աղբիւր մը յայտնաբերած էր՝ տան շուներս պատառ մը հացի փոխարէն պաստառ հանելով ու ամբողջ օրը շան նման աշխատցնել տալով, իբրեւ թէ մեզի շնորհ մը ըրած ըլլար։ Ուրկէ ալ է սիրուած դերասանի բեմական անունս։
Դուրսէն դիտողներուդ համար, գիտեմ, չնաշխարհիկ կեանք կը թուի Հոլիվուտի դերասաններուս վերապահուածքը, զոր քիչ մնաց լեզուական սահանքով՝ «շնաշխարհիկ» կոչէի… Կը զարմանամ, հայերդ ի՞նչ հարուստ եւ ճկուն լեզու ունիք, դեռ ալ կռնակ կը դարձնէք ատոր։ Ինչ որ է, եկէ՛ք այդ էջը չբանանք… անարգել շարունակելու պատումը։
Գիտեմ, դուրսէն դիտողները մեզի երանի կու տան, սակայն միայն ֆիլմարուեստի մէջ օրը իրիկուն ընողը գիտէ այն տաժանքը, որ արուեստի գծով դերասաններուս բախտ ինկած է։ Բառիս իսկական առումով՝ առօրեայ նա-հա-տա-կու-թիւն։
Իմ ըմբոստ էութեամբ, ճիշդը չդիմացայ ֆիլմարուեստի խստապահանջ կենսաձեւին ու տէրերուս անխիղճ շահարկման, ու որոշեցի փախչիլ, հոգիս ազատել նախկին տիրոջս կապանքներէն եւ այսպէս կոչուած՝ պալատային կեանքէն, հոգ չէ թէ մեքսիքացիի մը խրճիթին մէջ կամ հայու մը անպաճոյճ բնակարանը գտնեմ ազատ ապրելու հոգեկան բաւարարութիւնը։ Նաեւ՝ շուներուս կրած տագնապումներուն առնչութեամբ մարդոց գիտակցութիւնը արթնցնելու մարտահրաւէրին ընդառաջեմ, առանց բարոյական կողմնակի արգելքներու։
Բայց նախքան՝ առաջին ակնարկով անխոհեմ թուացող իսկ ինծի համար յոյժ կենսական այդ քայլին դիմելս, նստայ ու ծրագրեցի առած որոշումիս հետեւանքները։ Տան փորձառու շուներէն իմացած էի, որ Նորթ Հոլիվուտի մեր ապարանքին մօտակայ պետական վարժարանը, ազնուոգի հայուհի մը կը վարէր հոգեբանական բաժինը, որ խոշտանգուած ու սորվելու անատակ աշակերտներով կը զբաղէր մասնաւորապէս:
Նոյն աղբիւրէն լսած էի նաեւ թէ, դպրոցամերձ այդ թաղերու անտունի շնիկները, կրթական այդ հաստատութեան մէջ շունչերնին կ՛առնէին ու հոն կ՛ապաստանէին, երբ անօթի ու անպատսպար կը մնային ձմրան խստաշունչ եղանակին։ Եւ բարեսիրտ այդ հայուհին, իր միջոցներով կը կերակրէր անտունիները եւ անոնց ժամանակաւոր կամ մշտական կացարան կ՛ապահովէր։
Որոշեցի վաշխառու տիրոջս ապարանքէն փախչելով՝ այդ դպրոցին բակը խիզախիլ եւ բախտս փորձել։ Եղբա՛յր, զօրով չէ, դերասանի կեանքը այլեւս զիս չէր առինքներ։ Արդէն մինչեւ կոկորդս յագեցած էի այդ կենսաձեւէն, ուր ոչ արուն յայտնի է, ոչ՝ էգը։ Կատարեալ որձեւէգութի՛ւն:
Առաւօտեան ժամը վեցի ատենները, հասայ վարժարանի բակը, ուր մեքսիքացի պահակը նշմարեց զիս։ Անտրտունջ յանձնուեցայ անոր։ Գրկեց զիս ու իր փոքր խցիկը տարաւ։ Առջեւս շպրտեց պատառ մը չոր հաց, զոր մերժեցի ոչ թէ մեծամտութենէ կամ շփացածութենէ մղուած, այլ՝ խառն հոգեվիճակէս։
Դպրոցի շրջափակը կամաց-կամաց կենդանացաւ հասնող մանուկներու եւ մեծերու ճիչերով։ Պահակը մտահոգ, քանի մը անգամ ներս-դուրս պտտցուց տատամսոտ իր ստուերը։ Վերջին գալուն զիս գրկեց. քանի որ բոլորովին մերկ՝ «ինգոկնիթօ» փախած էի տունէն, ու վզկապ-ինքնութեան մետալ չէի կրեր վրաս, զիս գրկելով՝ տարաւ ուղղակի դպրոցին կեդրոնական գրասենեակը, ուր նրբակերտ՝ օգնականներով, ինծի կը սպասէր։
Անիկա, գորովանքով մը պատրաստուեցաւ զիս պահակին գիրկէն վերցնելու, խուզարկու ակնարկով մը պահ մը զիս խորաչափելէ ետք։ Ազազուն, յոգնած մարմինէս զօրաւոր հոսանքի մը սահիլը զգացի, երբ հայուհիին խաժ աչքերուն մէջ կարեկցանք ու շեշտուած մարդկայնութիւն նշմարեցի։ Այդ վայրկեանին, սիրտս մեքսիքացիին ափերուն մէջ սկսաւ թփռտալու, անձկութեան զգացումն ու ապագայի անորոշութիւնը տեղի տուին երջանիկ բաւարարուածութեան մը, երբ փրկարարիս մատներուն ջերմ հպումը զիս ապահովեց, թէ անիկա փողոց պիտի չշպրտէր զիս, կամ ալ՝ կենդանիներու «շելթըր» կոչուած անհոգի, անանձնական պատսպարանը։
Բարեսիրտ հայուհին իր օգնականէն բաժակ մը ջուր խնդրելէ ետք, ծրարի մը մէջէն կտոր մը հայկական թել-պանիր հանեց ու ինծի երկարեց։ Քիչ առաջուան հոգեկան անախորժ վիճակս մոռցած՝ լափեցի պանիրը, ու որպէս շնորհակալական արտայայտութիւն՝ թախծոտ աչքերս իրեն սեւեռեցի։
Կարծես անիկա աչքերուս մէջ կարդաց տուայտանքս ու փոխանցել փորձած լուռ պատգամս։ Ձեռքը մեքենաբար երկարեց իր բջիջային հեռախօսին, զոր գրասեղանին մէկ անկիւնը զետեղած էր։
Հետագային պիտի իմանայի, թէ հարազատներուն «թեքս»չ ըրած էր լուսանկարս, ապա հօրը զանգահարած էր, եւ ինծի տակաւին անծանօթ հայերէ՛ն լեզուով ու տրամաթիկ շեշտով՝ որդեգրումս ապահոված։ Մինչեւ իրիկուն զիս իր գրասենեակը պահելէ ետք, երեկոյեան ուղղակի դէպի ծնողաց բնակարանը քշեց ինքնաշարժը, ուր վարիչին մօտ կուչ եկած էի՝ թէժ խոկումներու յանձնուած։
Զիս տաքուկ գիրկը սեղմած՝ հօրը բնակարանը մտաւ հայուհին ու տնեցիներուն փոխանցեց զիս։ Հայրն ալ զաւակի պէս գորովանքով գրկեց ու քանի մը անգամ պաչեց երեսս, ապա իր չորս տարու թոռնիկին գիրկը զետեղեց զիս։
Ճակատագրական այդ օրէն, երբ գլուխս կերպով մը սինեմաշխարհի կապանքներէն ու կալանքէն ազատեցի, արդէն երեք-չորս ամիս անցած է։ Նախկին դերասանի պատրանքներէն ձերբազատուած՝ համեստ բայց սիրով պարուրուած այս յարկէն ներս կեանքս տարբեր հարթակի վրայ սկսած է իմաստաւորուելու…