ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 2010-2011 ուսումնական տարուան ընթացքին, Հայաստանի հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առկայ համակարգիչներու ընդհանուր թիւը 14,061 է: Ըստ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան Կրթական ճարտարագիտութիւններու ազգային կեդրոնին, համացանցին միացած են 1180 դպրոցներ (դպրոցներուն 81.4 տոկոսը):
Երեւանեան դպրոցներուն մէջ կայ 3689 համակարգիչ, համացանցով ապահովուած են 252 դպրոցներ. Արագածոտնի դպրոցներուն մէջ կայ 911 համակարգիչ, համացանց առկայ է 72 դպրոցի մէջ:
Արարատի մարզի դպրոցներուն մէջ կայ 1140 համակարգիչ, իսկ 106 դպրոց ապահովուած է համացանցով: Արմաւիրի դպրոցներուն մէջ համակարգիչներուն թիւը 1126 է, համացանցով ապահովուած է 119 դպրոց: Գեղարքունիքի մարզի դպրոցները ապահովուած են 1182 համակարգիչներով, իսկ 1147 դպրոց նաեւ՝ համացանցով: Լոռիի մարզային դպրոցներուն բաժին կը հասնի 1298 համակարգիչ, իսկ 130 դպրոցներու մէջ ալ համացանցային կապ կայ:
Կոտայքի մարզի դպրոցներուն տրամադրուած է 1101 համակարգիչ, 99 դպրոցի մէջ նաեւ գոյութիւն ունի համացանց: Շիրակի մարզի դպրոցներուն մէջ կայ 1506 համակարգիչ, համացանց ունի 132 դպրոց. Սիւնիքի մարզի դպրոցներուն մէջ՝ 1015 համակարգիչ, իսկ 72 դպրոց՝ համացանցով միացած. Վայոց Ձորի դպրոցներուն մէջ՝ 414 համակարգիչ, իսկ 23 դպրոց՝ համացանցով միացած:
Նաեւ Տաւուշի մարզի դպրոցները ապահովուած են 679 համակարգիչով, իսկ 61 դպրոց ապահովուած է համացանցով: