«Ի-Մեդիա».- «youtube»ի վրայ յայտնուած է տեսանիւթ մը՝ պատկերներ՝ նկարահանուած 1992ին Խոջալուի բնակավայրէն գաղթած ատրպէյճանցի փախստականներու մասնակցութեամբ:
Տեսագրութիւնը երկխօսութիւն է քանի մը ատրպէյճանցի փախստական կանանց եւ ռուս լրագրողներու միջեւ: Փախստական քանի մը կանայք իրենց երեխաներուն հետ կը պատմեն լրագրողներուն, որ հայերը իրականութեան մէջ բարի են եւ իրենց հետ վերաբերած են իրենց հարազատներուն նման: «Նրանք (հայերը) մեզ հաց ու ջուր էին տալիս, անգամ այն ժամանակ, երբ դրա կարիքը հէնց իրենք ունէին: Մենք գոհ ենք հայերից: Հայերը մեզ խցերում չեն պահել, միշտ մնացել ենք լուսաւոր սենեակներում, իսկ ատրպէյճանցիները զզուելի ազգ են», կ՛ըսէ տեսանիւթին մէջ ատրպէյճանցի փախստական կինը: Պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ ի՞նչ ազգի ներկայացուցիչ են վերջիններս՝ անոնք կը նշեն. «Ատրպէյճան..», ու միեւնոյն ժամանակ կ՛աւելցնեն, թէ Խոջալուի մէջ կայացած սպանդին մեղաւորը Ատրպէյճանի նախագահ Մութալիպովն է ու անոր յանցախումբը:
Տեղեկացնենք, որ Այազ Մութալիպով Ատրպէյճանի մէջ նախագահած է 1990 Մայիս 18էն մինչեւ 1992 Մարտ 6: Մութալիպովի հրաժարականին պատճառը Խոջալուի մէջ տեղի ունեցած կասկածելի դէպքերն են: