ԵՐԵՒԱՆ.- Օգոստոս 9ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Արեւելեան Եւրոպայի թեմի նորանշանակ առաջնորդ Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոս Մինասեանը, Մխիթարեան

միաբանութեան անդամ, Վահան Ծ. վարդապետ Օհանեանն ու Լիբանանի «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր, պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեանը:
Շնորհաւորելով Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը՝ անոր գահակալութեան առիթով՝ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդգծեց եկեղեցւոյ դերին կարեւորութիւնը Սփիւռքի հայ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Սփիւռքի համայնքներուն մէջ կրթական ու մշակութային հիմնախնդիրներուն առնչուող հարցեր: Նախարար Հ. Յակոբեան ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ծրագիրները՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Սեպտեմբեր 19-20ին, Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողովին, ուր պիտի քննարկուին համազգային նշանակութիւն ունեցող հիմնախնդիրներ, օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորում, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում եւ դատապարտում, Սփիւռքի մէջ ուծացման դէմ պայքար (կրթութիւն, մշակոյթ, ընտանիք, լեզու), Հայ եկեղեցւոյ դերի բարձրացում եւ հայութեան համախմբում Եկեղեցւոյ շուրջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի տնտեսական զարգացում, հզօրացում ու անվտանգութեան ապահովում: