
ՏԵՐՍԻՄ.- Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ, Արեւմտեան Հայաստան այցելած ուխտաւորներուն խումբը Տերսիմի Խոզաթ (Հոզաթ) քաղաքի սրճարաններէն մէկուն մէջ պատահաբար հանդիպեցաւ երիտասարդի մը եւ հայուհի Ճանը Քափլային:
Այս սիրունատես օրիորդը հայկական խումբին յայտնած է, թէ ինք երկկողմանի հայ է, կը բնակի Տերսիմի Մազկերտ (Մազգիրթ) քաղաքը եւ կ՛ուսանի Մանիսայի համալսարանին մէջ: Ճանը Քափլան հայկական պատուիրակութեան անդամներուն պատմեց դէպք մը՝ իր համալսարանական կեանքէն: Քափլայի խօսքերով, թէեւ ինք հայ ըլլալուն պատճառով ոչ մէկ խնդիր ունեցած է ընկերներու շրջապատէն ներս, քանի որ վերջիններս կը յարին սոցիալ-դեմոկրատական գաղափարախօսութեան, սակայն համալսարանին մէջ անգամ մը վէճի բռնուած է իր դասախօսին հետ, որովհետեւ վերջինս փորձած է ժխտել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը:
Ճանը Քափլայի հետ ջերմ զրոյցէ ետք, հայ ուխտաւորները հրաժեշտ տուած են խիզախ հայուհիին: