ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
«Ապագայ սերունդներուն մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելը յարիր չէ պետական գործիչին»։
Ռ. Թ. Էրտողան
Դժուար է սպառիչ կամ վերջնական գնահատական տալ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութեանց գովազդած պետական–քաղաքական վարքագծին արժանահաւատութեան կամ յաջողելու հաւանականութեան մասին։
Միայն ժամանակը կրնայ վճռահատել, թէ որքանո՞վ լուրջ ու անկեղծ է, քրիստոնեայ Արեւմուտքն ու մահմետական Արեւելքը կամրջելու՝ արեւմտամէտութիւնն ու իսլամականութիւնը համատեղելու առաջադրանքով, վարչապետ Էրտօղանի որդեգրած եւ այսքան տարիներ – տեղական թէ միջազգային քաղաքական շուկաներու վրայ – շահաբեր շրջանառութեան մէջ դրած կարգախօսը։
Դժուար չէ, սակայն, այժմէն իսկ նկատել, հաստատել եւ, այդ վարքագծի պարբերական դրսեւորումներուն վրայ հիմնուելով, նախազգուշացնել ընդհանրապէս քաղաքական աշխարհը, որ Էրտօղանի ընտրած ուղին պորտալարով կապուած է եւ, միսը միսէն ու ոսկորը ոսկորէն, բնական շարունակութիւնն է սուլթաններու դարաշրջանէն եկած ու Համիտներու, Թալէաթներու եւ Աթաթիւրքներու օրօք այս ու այն կողմ խարխափումներով հետապնդուած պետական միեւնոյն վարքագծին։
Այսինքն՝ 21րդ դարու տարբերակն է թրքական միեւնոյն հնաւանդ այլամերժութեան, ազգայնամոլութեան եւ… ցեղապաշտութեան։
Աւելի պարզ ու յստակ՝ որքան ալ ժողովրդավարական ճարտասանութեամբ ներկայանայ կամ կրօնական բարոյախօսութեամբ դատապարտէ Իթթիհատական կամ Քեմալական Թուրքիոյ կատարած սխաները եւ գործած ոճիրները, Էրտօղանի ջատագոված պետական–քաղաքական վարքագիծը չի կրնար յաղթահարել թրքամոլութեան իր ծինային արատը։ Յանկարծ կը մերկանայ այնքան բծախնդրութեամբ իր ընտրած ժողովրդավարութեան, հանդուրժողականութեան, արդարամտութեան եւ կրօնական բարոյախօսութեան յարդարանքէն ու շպարներէն, անմիջապէս որ դէմ յանդիման դրուի ոչ–թուրք ազգերու ցեղասպանութեան ու անոնց հայրենի հողերու բռնագրաւման վրայ բրտօրէն կառուցուած Թուրքիոյ Հանրապետութեան համար հաշիւ տալու հրամայականին։
Յատկապէս Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի նկատմամբ իր կիրարկած քաղաքականութեամբ, Թուրքիոյ այսօրուան վարչապետը գրեթէ ամէն քայլափոխի կը մատնէ ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ էութիւնն ու իսկութիւնը իր գովազդած «թրքական ժողովրդավարութեան», «կրօնական հանդուրժողութեան» եւ «քաղաքակրթութիւններու համակեցութեան»։
Կը ճառէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան «դրօշակիր» մեծ պետութիւն մը ըլլալու Թուրքիոյ նկրտումներուն մասին, բայց ցամաքի իր սահմանը կը փակէ իր փոքր հարեւանին՝ նորանկախ Հայաստանի առջեւ ու շրջափակման կ՚ենթարկէ հայոց պետութիւնը, ճնշումի տակ հայ ժողովուրդին անձնատուութիւն պարտադրելու համար։
Պատեհ թէ անպատեհ ամէն առիթ կ՛օգտագործէ եւ ի հարկին արուեստականօրէն ինք առիթներ կը ստեղծէ, որպէսզի իբր թէ հաշտարար իր միջնորդութիւնը առաջարկէ Ղարաբաղեան Կնճռին բանակցային լուծման համար, բայց ոչ միայն Հայաստանի շրջափակումը կը շարունակէ, այլեւ հետեւողականօրէն Հայաստանէն կը պահանջէ զիջումներ, որպէսզի բաւարարութիւն տայ հայկական հողը բռնագրաւած իր արենակից Ատրպէյճանին, որ պատմականօրէն «ձեռակերտ»ն է նոյնինքն թրքական պետութեան։
Նոր Աշխարհակարգի բարոյագաղափարական բառապաշարը ճարտարօրէն օգտագործելով՝ Էրտօղանի Թուրքիան հետեւողականօրէն կը փորձէ ախոյեան ներկայանալ իրաւական կարգերու եւ արդար դատերու պաշտպանութեան, հակառակ որ շատ աւելի ակնբախ փութաջանութեամբ կը խուսափի իր սեփական՝ անցեալի թէ ներկայի յանցագործութեանց համար հաշիւ տալու իրաւական պարտաւորութենէն։
Կը շարունակէ հայ ժողովուրդին դէմ իր գործադրած ցեղասպանութեան ուրացումը, իր երկրի քիւրտ բնակչութեան ազգային–քաղաքացիական իրաւունքներուն ոտնակոխումը, Թուրքիոյ քրիստոնեաներու ազգային, կրօնական եւ քաղաքացիական ազատութեանց կապտումը, Կիպրոսի բռնագրաւումը եւ մասամբ նորին… Այսուհանդերձ՝ համարձակութիւնը կ՚ունենայ հաշուետուութեան կանչելու Իսրայէլն ու Սուրիան, Գերմանիան ու Իրանը, Հայաստանն ու Ֆրանսան եւ բազում մեծ թէ փոքր պետութիւններ, որպէսզի կարենայ միջազգային քննարկման օրակարգէ հեռու պահել իր գործած ամէնէն ազգայնամոլական ու ցեղապաշտական յանցագործութիւնները։
Աւելի՛ն. Թուրքիոյ Հանրապետութեան ստեղծման առաջին իսկ օրէն երկրի ճակատագիրը ըստ կամս տնօրինող թրքական բանակի սպարապետութեան եւ անոր դաւանած Քեմալականութեան դէմ իբր թէ անհաշտ պայքար շղթայազերծելով, այդ պայքարի ընթացքին նաեւ ու յատկապէս Աթաթուրքի աշխարհիկ ու հակակրօն գաղափարախօսութիւնը շարունակ հարուածի տակ առնելով, Էրտօղանի գովազդած «չափաւոր կրօնականութեան» վարքագիծը փաստօրէն մերօրեայ աշխարհին մէջ ոտքի տեղ կը պատրաստէ թրքական այլամերժութեան վերանորոգման ու ծաղկումին առջեւ։
Թրքական վերանորոգ այլամերժութեան եւ մշտաբորբոք ազգայնամոլութեան ցայտուն դրսեւորումը եղաւ վարչապետ Էրտօղանի վերջին մեղադրանքը Հայաստանի նախագահի հասցէին՝ հայոց խորհրդանիշ Արարատը «ետ բերելու» հայոց նոր սերունդին ուղղուած Սերժ Սարգսեանի ակնարկութեան առիթով։ Արարատի հայապատկան անունն իսկ ուրացող պետութեան՝ Թուրքիո՛յ վարչապետը անմիջապէս յայտարարեց, թէ «ապագայ սերունդներուն մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանելը յարիր չէ պետական գործիչին»։ Ցեղասպանութիւն գործելու չափ ազգայնամոլութեամբ կուրցած թրքական այլամերժութիւնը չէր կրնար Էրտօղանէն աւելի «հարազատ» բանբեր մը ունենալ։ Թուրքիան ոչ միայն կ՚ուրանայ իր գործած ցեղասպանութեան ծանրագոյն ոճիրը, ոչ միայն կը շարունակէ թրքացնել բիրտ ուժով իր գրաւած հայոց սրբազան Արարատը, այլեւ իբրեւ «ապագայ սերունդներուն մէջ ատելութիւն եւ թշնամութիւն սերմանել»ու քայլ կը դատապարտէ իր ուրացումը մերկացնող եւ անոր դէմ հայ երիտասարդութիւնը իրաւատիրութեան մղող Հայաստանի նախագահին յորդորը։
Միայն տեղանուններու առումով՝ թրքական պետութիւնը շարունակ հետամուտ եղած է իր բռնագրաւած տասնեակ հազարաւոր բնօրրաններու հայկական, յունական, ասորական թէ այլ՝ ոչ–թրքական տեղանուններու թրքացման։
Ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Փոքր Ասիոյ պատմութիւնը, թրքական պաշտօնական թէ անպաշտօն աղբիւրներու՝ դասագիրքերու թէ հանրագիտարաններու կողմէ մինչեւ այսօր կը ներկայացուի միեւնոյն ուրացման շրջուած հայելիով. իբր թէ բուն բնիկները իրենք՝ թուրքերն են, իսկ մնացեալ բոլորս եկուորներ ենք եղեր…
Իսկ արուեստներու եւ արհեստներու մէջ արձանագրուած նուաճումները անպայման պէտք է պատկանին թուրքերուն, ոչ–թուրքերը միայն վնաս պատճառած են եւ Թուրքիան կռնակէն դաշունահարել փորձած են եղեր…
Նման մերկապարանոց սուտ ու փուճ վերագրումներով թուրք սերունդները թունաւորած ու տակաւին նոյն մոլեռանդութեամբ թունաւորող պետութեան նորօրեայ ղեկավարը, ահա՛, միջազգային քաղաքականութեան կողմէ իր անպատժելիութեան ապաւինած, կը համարձակի մէկ երեսով ժողովրդավարութեան եւ կրօնական բարոյականութեան «դրօշակիր» ներկայանալ, իսկ միւս երեսով այլամերժութեան ու ազգայնամոլութեան տիղմին մէջ պահել իր երկիրն ու ժողովուրդը։
Երկերեսայնութիւնը երկար կեանք չ՚ունենար, բայց մեր չար բախտէն, թրքական պետութեան պարագային, ոչ միայն երկերեսայնութիւնը երկար կեանք ունի, այլեւ ազգային նկարագիր դարձած է։
Այո՛, դժուար է վճռահատել, որ թրքական պետութիւնը չի կրնար փոխուիլ։
Դժուար է, մանաւանդ, վճռահատել, թէ կեղծ ու անլուրջ է Էրտողանի նման «ժողովրդավար»ի եւ «չափաւոր կրօնամէտ»ի միջազգային ընդունելութեան արժանացած թուրք ղեկավարին գովազդած «հանդուրժողականութեան» եւ «հաւասարակշռութեան» վարքագիծը։
Բայց դժուար չէ տեսնել, որ Էրտօղանի ուղին՝ իր ճարտասանական պսպղուն լոյսերով հանդերձ՝ մութի մէջ կը պահէ մերկութիւնը թրքական ազգայնամոլութեան եւ ցեղապաշտութեան հետ իր պահպանած պորտալարին։
Եւ յատկապէս թուրք ժողովուրդը ինք պէտք է անդրադառնայ, որ Էրտօղանի քաղաքական յառաջխաղացքին հետ նորօրեայ շքերթի կ՚արժանանան ազգայնամոլութիւնն ու ցեղապաշտութիւնը, որոնք մեծագոյն խոչընդոտն են Թուրքիոյ կայունութեան՝ հայ եւ ճակատագրակից այլ ժողովուրդներու կործանման գլխաւոր պատճառը ըլլալէ անդին։