ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Օգոստոս 10ին այցելած է զինուած ուժերու 2րդ բանակային զօրամիաւորման զօրամասերէն մէկը ու ծանօթացած զինուորական ծառայողներու պայմաններուն:
Ելոյթ ունենալով զօրամասի հրապարակը հաւաքուած զինուորական ծառայողներուն դիմաց՝ պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է զինուած ուժերուն մէջ կատարուող բարեփոխումները, ապա խօսած սպայ-զինուոր փոխյարաբերութիւններուն մասին:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման՝ Օհանեան մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան այն մօտեցումը, ըստ որի՝ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը պէտք է լուծուի խաղաղ եւ բանակցային ճանապարհով, այդ ամէնի համար պէտք է ունենալ մարտունակ բանակ, որը կարող է լիարժէքօրէն պաշտպանել մեր հայրենիքի սահմանները»:
Այնուհետեւ, Սէյրան Օհանեան այցելած է զօրամասի հրաձգարանը ու դիտած վարժութիւնները:
Պաշտպանութեան նախարարը այցելած է նաեւ հայկական ու ատրպեճանական զինուած ուժերու սահմանը ու զրուցած մարտական հերթապահութիւն իրականացնող զինուորական ծառայողներուն հետ: Նախարար Օհանեան հայրենիքի սահմանները պաշտպանողները պարգեւատրած է արժէքաւոր նուէրներով: