
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 11ին, Արցախի Տիգրանակերտ հնավայրի պատմութեան թանգարանի տարածքին իրականացաւ զարգացման խաղերու փառատօն, որուն մասնակցեցաւ շուրջ 20 խումբ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն:
Փառատօնը, որ նուիրուած էր ԼՂՀ Անկախութեան հռչակման քսանամեակին, նաեւ Նաւասարդեան տօներուն եւ երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան, կազմակերպուած էր Արցախի սփորթի եւ երիտասարդութեան նախարարութեան աջակցութեամբ:
Դժուար պայքարի մէջ մէկ միաւորի տարբերութեամբ յաղթանակ տարաւ ՀՀ պաշտպանութեան բանակի խումբը: Երկրորդ հորիզոնականը զբաղեցուց ՀՀի եւ Արցախի գիտակներէն կազմուած հաւաքականը, իսկ երրորդ տեղը՝ Շուշիի «Քիրս» խումբը:
«Գիտակների հայկական ընկերակցութիւն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Տիգրան Քոչարեանի հաղորդումով, յաղթող խումբերը արժանացան դրամական պարգեւներու եւ խորհրդանշական բաժակներու: Մրցանակները մասնակիցներուն յանձնեցին ԼՂՀ խորհրդարանի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան եւ ԼՂՀ մշակոյթի նախարար Նարինէ Աղաբալեան:
«Հաճելի է տեսնել, որ մեր բանակը հզօր է ոչ միայն իր ուժով ու ներզօր կարողութիւններով, այլեւ՝ գիտելիքներով: Այս յաղթանակը դրա վառ վկայութիւնն է», ըսաւ Ա. Ղուլեան: