
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան հայկական դաշնակցութիւնը Սեպտեմբերին պիտի ստեղծէ մարզական ակումբներ եւ պիտի սկսի աշխոյժ մարզումներ իրականացնելու պատանիներու հետ: Կը նախատեսուի համալսարաններու մէջ ունենալ լեռնագնացութեամբ զբաղող միաւորումներ: Այս մասին կը տեղեկանանք դաշնակցութեան տարածած հաղորդագրութենէն: Կը նշուի, թէ շուրջ 120 երիտասարդ դիմած է լեռնագնացութեամբ զբաղելու խնդրանքով:
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 8ին, Հայաստանի լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան դաշնակցութեան հաւաքական խումբի հինգ լեռնագնացներ նուաճած են Գազպեգի գագաթը (5033 մեթր), այնտեղ պարզելով հայոց Եռագոյնը: Լեռնագնացներէն երեքը իգական սեռի ներկայացուցիչներ են, որոնցմէ երկուքը նոր կը սկսէին իրենց քայլերուն լեռնագնացութեան մէջ:
Այսպիսով, մէկ ամսուան ընթացքին, Լեռնագնացութեան եւ լեռնային զբօսաշրջութեան հայկական դաշնակցութիւնը կատարած է երկու յիշատակելի վերելքներ՝ Տեմավենտ (5671 մեթր) եւ Գազպեգ (5033 մեթր):
Լուսանկարներուն մէջ՝ հայ լեռնագնացները Գազպեգ բարձրանալու պահուն: