ԵՐԵՒԱՆ.- Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան տուեալներով, քաղաքապետ Կարէն Կարապետեան, աշխատանքային հերթական խորհրդակցութեան ժամանակ, վարչական շրջաններու ղեկավարներուն յանձնարարած է մինչեւ Սեպտեմբեր աւարտել մայրաքաղաքի կեդրոնական եւ միւս հատուածներուն մէջ առկայ ապօրինի ու չգործող 266 կրպակի վերացումը:
«Այդ կրպակներում աշխատող սոցիալապէս անապահով մարդկանց անպայման պէտք է այլընտրանքային աշխատանք առաջարկուի, եւ գտնուեն համապատասխան լուծումներ», ըսած է Կարէն Կարապետեան:
Ան վարչական շրջաններու ղեկավարներուն յանձնարարած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել կանաչ տարածքներու խնամքին եւ ոռոգման: