ԱՆԳԱՐԱ.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզօղլու, «Շարք Աուսա»չ օրաթերթին յայտնեց, որ Կիւլ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին ուղղուած իր նամակին մէջ յայտնած է, թէ կ՛ուզէ բարեփոխումներու արագ իրագործում տեսնել, սակայն հերքեց այն լուրերը, թէ Թուրքիա Դամասկոսի «15 օրուան պայմանաժամ» տուած է: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա կը փափաքի, որ այդ բարեփոխումները վարչակարգին բնոյթն ու ձեւը փոխող ու ժողովուրդին պահանջները բաւարարող ցնցում մը ըլլան։ Ան նշեց, որ սուրիացիք թրքական խրատներուն հասկացողութիւն կը ցուցաբերեն, որուն շնորհիւ՝ քաղաքներէն զինեալ ուժերն ու զինուորական մեքենաները դուրս բերուած են եւ կարգ մը թուրք լրագրողներ սուրիական շրջաններ այցելած են: Հիւրմիւզօղլու հերքեց նաեւ այն, որ թրքական զինուորական միջամտութեան մը եւ Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիի մը ստեղծման հարցերը քննարկուած են։
Թրքական «Զաման» օրաթերթը հաղորդեց, որ թրքական իշխանութիւնները մտավախութիւն ունին, որ սահմանամերձ շրջաններու մէջ սուրիական բանակին վերջերս կատարած գործողութիւններէն ետք, դէպի Թուրքիա մեծաթիւ գաղթականներու նոր հոսք մը կրնայ տեղի ունենալ: Հինգշաբթի օր հաղորդուած էր, թէ սուրիական բանակը մուտք գործած է Թուրքիոյ սահմանամերձ երկու գիւղաքաղաքներ, որոնք սահմանէն 30 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:
Ուրբաթ օր հաղորդուեցաւ, թէ Դամասկոսէն մինչեւ Տէր Զօր տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին, ոստիկանութիւնը կրակ բացած է ցուցարարներու վրայ՝ սպաննելով առնուազն 17 հոգի:
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ, քննելով Սուրիոյ եւ Ափրիկէի առնչուող հարցեր։
Իր կարգին, թուրք նախկին նախարար Եաշար Պաքըշ ազդարարեց, որ եթէ սուրիական տագնապը շարունակուի, սուրիացի ժողովուրդը կազմող յարանուանութեանց միջեւ քաղաքացիական պատերազմ տեղի պիտի ունենայ, նշելով, որ «սիւննիները սուրիացի ժողովուրդին 80 առ հարիւրը կը կազմեն, իսկ ալաուիները՝ քառասուն տարիէ ի վեր կ՛իշխեն, թէեւ միայն 8 առ հարիւրը կը ներկայացնեն»։
«ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ՁԵՌՆՈՒՆԱՅՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ»
Մինչ Թուրքիա նպաստաւոր կ՛որակէր Սուրիոյ նախագահին ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին միջեւ կայացած այս շաբթուան հանդիպումէն ետք արձանագրուած իրադարձութիւնները, բազմաթիւ օտար թերթեր պնդեցին, որ Թուրքիոյ նախարարը ձեռնունայն վերադարձաւ Դամասկոսէն, եւ թէ Սուրիա մերժած էր Թուրքիոյ կոչը՝ գործողութիւնները դադրեցնելու մասին։ Այս է կարծիքը, օրինակ, «Նիւ Եորք Թայմզ»ին, որ գրեց, թէ Պաշշար Ասատ մերժեց Թուրքիոյ յանձնարարութիւնը։ Թերթը նշեց նաեւ, որ Թուրքիոյ ու Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնները տարակարծութիւններ ունին Սուրիոյ հարցին մօտենալու ոճին կապակցութեամբ:
Իր կարգին, «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» գրեց, որ Սուրիոյ առաջնորդը մերժեց ընթացք տալ նոր բարեկարգումներ կատարելու Անգարայի կոչին:
Անգլիական «Կարտիըն» թերթին կարծիքն այն է, որ վեց ժամուան տեսակցութենէ մը ետք, այնպէս կը թուի, թէ Տաւութօղլու ձեռնունայն բաժնուեցաւ Ասատէն։