ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Փանորամա».- Պարոնուհի Քարոլայն Քոքս, աշխարհի տարբեր ծայրերէ միացած 35 կամաւորներու եւ բարեգործներու հետ միասին, ուխտագնացութիւն կազմակերպած է դէպի Լեռնային

Ղարաբաղ: Այս մասին նշուած է The Humanitarian Aid Relief Trust (HART) բարեգործական-կամաւորական կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին մէջ:
«Մենք կը փափաքէինք սեփական աչքերով տեսնել, թէ ինչպիսի՛ն է արցախահայերու ամէնօրեայ կենսակերպը, լսել անոնց կեանքի պատմութիւնները: Միջազգային խումբը կազմուած է 35 անդամներէ, որոնք համախմբուած են Միացեալ Թագաւորութենէն, Միացեան Նահանգներէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Պուրմայէն, Աւստրալիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, ինչպէս նաեւ Հոլանտայէն: Արշաւախումբին ուղեկցած են տեղաբնակ հայեր եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերականգնողական կեդրոնի այցելուներ:
«Ուխտագնացները անցած են գիւղերու եւ քաղաքներու մէջէն, ուր ողջունուած են աւանդական երաժշտութեամբ ու ելոյթներով: Մեծահասկաները եւ երեխաները դուրս եկած են իրենց տուներէն՝ ողջունելու համար արտերկրէն ժամանած հիւրերը:
«Խումբ մը երիտասարդներ լուսանկարեցին տեղաբնակ հայերը, հարցազրոյց վերցուցին անոնցմէ՝ պատերազմեան տարիներուն մասին, ու հարցեր տուին ապագայի տեսլականին մասին:
«Տեսագրուած նիւթերը եւ պատմութիւնները նախ պիտի ցուցադրուին Մեծն Բրիտանիոյ մէջ, այնուհետեւ ամբողջ աշխարհով՝ ցոյց տալու համար Արցախի առօրեայ կայնքը եւ արցախահայերուն ապագայի յոյսերը: Այս բոլորը պիտի նպաստեն, որ միջազգային հանրութիւնը աւելի լաւ իրազեկ ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի մասին:
«Մենք գտանք երկիր մը, որ պատերազմեան տարիներէն սուր յիշողութիւններ ունի: Շատ ընտանիքներ առնուազն մէկ անդամ կորսնցուցած են պատերազմին, եւ հակառակ այս բոլորին, մեր առջեւ բացուեցաւ երկիր մը, որ լեցուն էր ջերմութեամբ, ժպիտներով եւ գրաւիչ ժողովրդական երաժշտութեամբ:
«Ուխտագնացութեան վերջին օրը, արցախահայ տղամարդոց կողմէ բարեմաղթանք ստացանք. «Տա՛ աստուած, որ Ղարաբաղում դուք ձեզ միշտ զգաք ինչպէս ձեր տանը»: Ասիկա ամենասրտաբաց ողջոյնն էր, զոր մենք ընդունեցինք իբրեւ ընկերներ եւ ընտանիքի անդամներ: Ասիկա երկիր է, որ փլատակներէն գեղեցկութիւն ստեղծած է, հոյակերտ եկեղեցիներ», նշած է պարոնուհի Ք. Քոքս: