ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- ՀՀ կառավարութիւնը Օգոստոս 18ին որոշեց Երեւանի քաղաքապետին իրաւունք տալ՝ 99 տարուան ժամկէտով, 5850 քռ. մեթր մակերեսով հողամաս յատկացնել Հանրապետութեան Հրապարակին վրայ հիւրանոց կառուցելու համար:
Նշենք, որ քանի մը ամիս է ի վեր համացանցի միջոցով լուրեր կը տարածուին, թէ նշեալ վայրին վրայ պիտի կառուցուի բարձրակարգ հիւրանոց մը: Քննադատող յայտարարութիւններով ու որակումներով աշխոյժ էին յատկապէս «Ֆէյսպուք» հասարակական ցանցի անդամները, որոնց բողոքը հասաւ գագաթնակէտին, երբ օրեր առաջ քաղաքապետարանը տարբեր լրատուական կայքերու միջոցով հաստատեց այդ տեղեկութիւնը, որ «այո՛, «մեթրօ»ի կայարանի վերնամասին՝ շատրուանները երիզող պատերու սահմաններէն դուրս տարածքին վրայ, բարձրակարգ հիւրանոցի կառուցման ներդրումային ծրագիրը կը քննարկուի»:
Ըստ քաղաքապետարանի ներկայացուցած տեղեկութեան, հիւրանոցային համալիրը պիտի ներառէ ընդունելութիւններու եւ խորհրդակցութիւններու սրահ, մարզանքի դահլիճ, խաղասրահ, գեղեցկութեան սրահ, ճաշարան եւ սրճարան: Հիւրանոցը պիտի կառուցուի գոյութիւն ունեցող պատմական կառոյցներու, շէնքերու եւ շինութիւններու քաղաքաշինական, յատակագծային եւ ճարտարապետական լուծումներու հաշուառումով:
Անիկա պիտի կառուցուի «Տաշիր Կրուփ» ընկերութեան կողմէ, որուն հետ Երեւանի քաղաքապետարանը արդէն կնքած է համաձայնագիր: Կառուցապատման իրականացման համար ստեղծուած է «Սամկար Փլազա» ընկերութիւնը, որուն երաշխաւորած է «Տաշիր Կրուփ» ընկերութիւնը:
Անսպասելի այս որոշումին մասին «Այսօր» լրատուական կայքը փորձած է մեկնաբանութիւններ լսել նախ Ճարտարապետներու միութենէն, որուն նախագահ Մկրտիչ Մինասեանը, որ Ճիմ Թորոսեանի հետ «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի նախագիծի համահեղինակն է, ըսաւ, թէ, ինք իր կարծիքն ու համաձայնութիւնը չէ յայտնած հիւրանոցի կառուցման վերաբերեալ. «Գուցէ իմ կարծիքը որեւէ նշանակութիւն չունի, բայց ես միշտ էլ գտել եմ, որ քաղաքաշինութեան տեսանկիւնից, առանց այն էլ գերծանրաբեռնուած այդ հատուածում հիւրանոց կառուցելը նպատակայարմար չէ»:
«Պետական կարիքների զոհեր» կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Բաղդասարեան, իր կարգին յայտնեց, թէ ինք հիւրանոցի նախագիծին քաջատեղեակ է եւ արդէն իսկ իր կարծիքը յայտնած է։ Ան նախ քննադատեց մտաւորականութիւնը՝ զանոնք բնութագրելով՝ «մի փոր հացի համար ծախուելու պատրաստ»։
«Իմ կողմից շատ յարգուած ճարտարապետ Ճիմ Թորոսեանը, ով նախագծել է այդ կայարանը, իր հեղինակային համաձայնութիւնն արդէն տուել է: Եւ երբ քաղաքապետին ասում ենք՝ չի կարելի, պատասխանում է, թէ՝ «ճարտարապետը համաձայն է, դուք ի՞նչ գործ ունէք»», ըսաւ Բաղդասարեան, որ ապա խօսեցաւ հիւրանոցին մասին. «Այս հիւրանոցը, որ նախագծել է Նափոլէոն Սարգսեանը, 6-7 յարկանի է լինելու: Եւ արդէն կարելի է ենթադրել, թէ ի՛նչ է լինելու Աւ. Իսահակեանի անուան գրադարանի շէնքի հետ: Սակայն, սա դեռ վերջինը չէ, Արամի փողոցի վրայ, նախկին «Մանկական աշխարհ»ի տեղն էլ կառուցուելու է 22 յարկանի հիւրանոց, ես յստակ գիտեմ», ընդգծեց ան: