ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Օգոստոս 19ին, Ռուսիա մերժեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հրաժարականը պահանջող արեւմտեան պետութիւններուն կոչերը։ Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտնած է, թէ «այդպիսի կոչերուն չենք զօրակցիր, եւ կը կարծենք, որ հարկ է նախագահ Ասատի վարչակարգին առիթ ընծայել իր յայտարարած բարեփոխումները իրագործելու համար»։ Ռուսիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ յայտնեց, որ Ուաշինկթընի եւ Արեւմուտքի կողմէ նախագահ Ասատէն իշխանութենէն հեռանալ պահանջելը՝ «կանխահաս է»։ Քոսաչեւ համոզում յայտնեց, որ Սուրիա կրնայ ճիշդ ուղի վերադառնալ, սակայն նաեւ նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահը ուշ կամ կանուխ պիտի հեռանայ. նոյնիսկ եթէ բարեփոխումները գործադրուին, Ասատ այլեւս քաղաքական ապագայ չունի»։
Միւս կողմէ, Սպանիա միացաւ Դամասկոսի դէմ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին «աւելի խիստ» որոշում մը հրապարակելու՝ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Փորթուկալի կոչերուն՝ քննադատելով ցուցարարներուն դէմ կիրարկուող «բիրտ ճնշումը»։
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հինգշաբթի օր Ասատէն պահանջած էր «իշխանութենէն հեռանալ» եւ Դամասկոսի վրայ նոր եւ աւելի խիստ պատժամիջոցներ հաստատած էր։ Նման յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ Եւրոպական Միութիւնը։