ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Մանկավարժութեան ասպարէզին մէջ քսան հինգ տարիներու փորձառութեան տէր Լենա Գորթոշեան, 22 Օգոստոսին ստանձնեց Լա Քրեսենթա գտնուող «Քլարք Մակնեթ Հայ Սքուլ»ի փոխտնօրէնի պաշտօնը:

Լենա Քորթոշեան դուստրն է Եփրեմ եւ Վարսենիկ Պաղպուտարեաններուն: Եփրեմը տարիներով եղած է նախագահը Հաճընի հայրենակցական միութեան:
Լենան նախ աշխատած է իբրեւ ուսուցիչի օգնական, ապա տարիներով Կլենտէյլի երկրորդական վարժարաններուն մէջ դասաւանդած է ուսողութիւն: Վարած է նաեւ «Հուվըր Հայ Սքուլ»ի փոխտնօրէնի պաշտօնը:
Վերջին տարիներուն, Լենա ընդլայնած է իր փորձառութեան դաշտը, երբ նշանակուած է Լոս Անճելըս քաղաքի կրթական շրջանի թուաբանութեան տեսչուհի՝ օգտակար հանդիսանալով 81րդ շրջանի հանրային վարժարաններուն: Ան աշխատած է նաեւ նահանգային մակարդակի տարբեր յանձնաժողովներու մէջ:
Լենա Քորթոշեան աչքի ինկած է իր աշխատասիրութեամբ ու համեստ նկարագիրով: Խմբագրութիւնս յաջողութիւն կը մաղթէ Լենային՝ իր նոր պաշտօնին մէջ:
Նշենք, որ «Քլարք Մակնեթ Հայ Սքուլ»ը շրջանիս հանրային վարժարաններուն մէջ լաւագոյններէն մէկը կը նկատուի: Այս դպրոցի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը հայ է: