ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Օգոստոս 23ին, Չինաստանի Շենժեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Համաշխարհային ուսանողական 39րդ խաղերու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Մրցաշարքը տեւեց 11 օր եւ աւարտեցաւ Չինաստանի մարզիկներու բացառիկ յաղթանակով:
Մրցաշարքին մասնակցեցան աւելի քան 150 երկիրներու 12,000 մարզիկներ: Հայաստանի մարզիկներուն համար սոյն ուսանողական խաղերը իւրայատուկ էին. այս մրցաշարքին ոսկէ մետալ նուաճեց Հայաստանէն՝ 77 քլկ. կշիռքի ծանրաբարձ Աղասի Աղասեանը: Իսկ Զաւէն Անդրիասեան գրաւեց 4րդ տեղը:
Խաղերուն կազմակերպիչները համաշխարհային խաղերուն դրօշը յանձնեցին Ռուսիոյ Դաշնութեան Քազան քաղաքի պատուիրակութեան: Համաշխարհային ուսանողական յաջորդ խաղերը տեղի պիտի ունենան 2013ին, Քազանի մէջ: