ԱՐԱԳԱԾՈՏՆ, «Երկիր Մեդիա».- Օգոստոս 19-24, Բիւրականի մէջ իրականացաւ ՀԱՍԿի՝ Հայաստանի

Ազգային սկաուտական կազմակերպութեան, եւ ՀՄԸՄի՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հերթական բանակումը:
«Հայաստանը Մենք Ենք» նշանաբանով, ՀԱՍԿը իր դռները բացաւ ճամբարականներուն առջեւ: Սկաուտական այս բանակումը նուիրուած էր Հայաստանի անկախութեան 20ամեակին:
Հայաստանի սկաուտական շարժման համահայաստանեան ամենամեայ բանակումին կը մասնակցէր աւելի քան 300 սկաուտ՝ մայրաքաղաքէն եւ Հայաստանի տարբեր մարզերէ: Բանակավայրը Բիւրականի մէջ էր: Սկաուտները կ՛ապրէին վրաններու տակ, խիստ յագեցած առօրեայով:
Առաւօտեան ժամը 7էն կը սկսէր սկաուտին օրը: Դրօշի բարձրացման արարողութիւնը կը համախմբէր բոլորը՝ սկսած ամենակրտսեր մասնակիցներէն՝ գայլիկներէն: Սկաուտները արդէն մասնակցած են արշաւներու ու բազմաթիւ մրցոյթներու: