ԵՐԵՒԱՆ, «Այսօր».- ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան (ԱԳՆ) տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ նախարարութեան մէջ Օգոստոս 29ին տեղի ունեցան ապրանքներու վերահսկման վերաբերեալ հայ-գերմանական խորհրդատուութիւններ:
Հայկական կողմէն խորհրդատուութեան կը մասնակցէին արտաքին գործոց, պաշտպանութեան, տնտեսութեան նախարարութիւններու, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, Պետական եկամուտներու կոմիտէի եւ Զանգուածային ոչնչացման զէնքերոու չտարածման խնդիրներու հետազօտական կեդրոնի ներկայացուցիչները: Գերմանական կողմը ներկայացուած էր Գերմանիոյ տնտեսութեան եւ արտահանման վերահսկման դաշնակցային գրասենեակի (BAFA) պատուիրակութեամբ, որ Եւրոպական Միութեան համապատասխան լիազօրութեամբ՝ կ՛իրականացնէ երկակի նշանակութեան ապրանքներու վերահսկման գործառոյթներ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ իրականացուած օրէնսդրական փոփոխութիւնները, համապատասխան կառոյցներու ստեղծումը եւ իրականացման գործընթացները, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկակի նշանակութեան վերահսկման եղանակներուն:
Քննարկուեցան հայկական կողմին առաւել արդիւնաւէտ եւ գործօն վերահսկողութիւն ապահովելու միտող աջակցութեան հնարաւորութիւնները: