ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- «Մաւի (կապոյտ) Մարմարա» նաւուն հարցով ՄԱԿի յանձնախումբի զեկուցումի հրապարակումէն ետք, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 2ին յայտարարեց, որ իր երկիրը կը նուազեցնէ Իսրայէլի մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութեան մակարդակը եւ կ՛առկախէ Իսրայէլի հետ զինուորական համաձայնութիւնները։
Տաւութօղլու յայտնեց, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը պատասխանատու է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութեանց այսօր այս կէտին հասնելու հարցին մէջ։ «Մինչեւ իսրայէլեան կառավարութիւնը հարկ եղած քայլերուն չդիմէ, այսօրուան կէտէն ետդարձ կատարելը բացառուած է», ըսաւ ան։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը այս հարցով իր երկրի կառավարութեան կողմէ որդեգրուելիք միջոցառումները թուելով՝ յայտնեց, որ թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն մակարդակը պիտի նուազի մինչեւ «երկրորդ քարտուղար»ի մակարդակ, իսկ Իսրայէլի դեսպանատան «երկրորդ քարտուղար»ի մակարդակէն բարձր եղող բոլոր պաշտօնատարները, ամենաուշը՝ Չորեքշաբթի օր, իրենց երկիրը պիտի ղրկուին ու Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ զինուորական բոլոր համաձայնութիւնները պիտի արկախուին։
Տաւութօղլու նշեց, որ Թուրքիա, իբրեւ Արեւելեան Միջերկրականին վրայ ամէնէն երկար ծովեզերքը ունեցող երկիրը, ազատ նաւարկումին առնչուող բոլոր միջոցառումները պիտի որդեգրէ։ «Թուրքիա Կազայի իսրայէլեան շրջափակումը չի ճանչցաւ եւ պիտի պահանջէ, որ շրջափակումին հարցը Միջազգային քրէական դատարանին կողմէ քննուի», ըսաւ ան, աւելցնելով, որ այս առումով ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը «գործի լծելու ջանքերուն կը սկսինք»։
«Իսրայէլեան յարձակումի թուրք եւ օտար զոհերուն համար դատարաններու ճամբով փոխհատուցում ստանալու ջանքերուն կարելի եղած բոլոր օժանդակութիւնը պիտի տրամադրենք։ Թուրքիա կը ներկայացնէ կեցուածք մը, որ խաղաղութիւն կ՛ուզէ, փոխան բախումներու, եւ արդարութիւն՝ փոխան բռնակալութեան։ Ճիշդ ինչպէս Պոսնիոյ եւ Քոսովոյի մէջ ջարդերուն դէմ մեր ձայնը բարձրացուցինք, Կազայի դէմ անմարդկային յարձակումներուն դէմ եւս հակազդած ենք։ Իսրայէլեան կառավարութիւնը այսօր ընտրանք մը ունի կատարելիք։ Իսրայէլի վարչակազմի անդամները, հարկ է որ տեսնեն, թէ իսկական ապահովութիւնը իսկական խաղաղութեան հաստատման մէջ կը կայանայ։ Անոնք պէտք է հասկնան, որ խաղաղութեան հաստատումը կարելի չէ բարեկամ երկիրի մը քաղաքացիները ջարդելով, այլ՝ բարեկամութիւնը ամրապնդելով։ Յստակ է, որ իսրայէլեան կառավարութիւնը այս իրականութիւնը տեսնելէ եւ Միջին Արեւելքի մէջ մեծ փոփոխութիւնները տեսնելէ շատ հեռու է», յայտնեց Տաւութօղլու, որ նաեւ աւելցուց. «Մեր նպատակը թուրք-հրէական պատմական բարեկամութեան վնասել չէ, այլ իսրայէլեան կառավարութիւնը քաջալերել սրբագրելու իր սխալը, որուն արժանի չէր թուրք-հրէական բարեկամութիւնը»։
Մայիս 31, 2010ի «Կապոյտ Մարմարա» նաւուն դէմ իսրայէլեան յարձակումին շուրջ ՄԱԿի յանձնախումբին զեկուցումը յանձնուեցաւ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի։ Սակայն մինչ այդ, անոր մանրամասնութիւնները լոյս տեսան ամերիկեան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ։ Տաւութօղլու այդ իրողութիւնը «լրջութեան պակաս» որակեց։
Ըստ նշեալ զեկուցումին, Կազայի շուրջ պարտադրուած Իսրայէլի շրջափակումը օրինական է, իսկ «Կապոյտ Մարմարա» նաւու անձնակազմին հանդէպ իսրայէլացի զինուորներուն ցուցաբերած հակադարձութիւնը՝ «չափազանցուած»: Զեկուցումին մէջ նաեւ շեշտուած է, թէ նաւուն մէջ գտնուողները «կազմակերպուած եւ վայրագ» հակադարձութիւն ցուցաբերած են նաւը կասեցուցած իսրայէլացի զինուորներուն:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, իր կարգին, քննադատեց ՄԱԿի յանձնախումբին զեկուցումը՝ յայտնելով, որ «զեկուցումը մեզի համար անարդար է եւ կարծես գոյութիւն չունի»։
Միւս կողմէ՝ իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ անկարեւոր համարեցին Թուրքիոյ նորագոյն քայլերը եւ կրկնեցին, թէ Իսրայէլ ներողութիւն պիտի չխնդրէ միջադէպին համար, այլ պարզապէս կը ցաւի, որ գործողութեան ընթացքին զոհեր արձանագրուած են:
«Համաս» շարժումի բանբեր Սամի Զահրի, հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց. ««Համաս» կ՛ողջունէ Իսրայէլի դեսպանը Թուրքիայէն վտարելու թրքական որոշումը, եւ զայն բնական պատասխան մը կը նկատէ «Ազատութեան նաւատորմիղ»ին դէմ իսրայէլեան ոճիրին եւ Կազայի շրջափակումին վերջ չտալու Իսրայէլի պնդումին»։