ՊԱՔՈՒ.- Ատրպեճանական «Ազէ. ազ» կայքը, վկայակոչելով վրացական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ,

որ Վրաստան ապրող հայ եւ ատրպէյճանցի քաղաքացիներու համար ստեղծուած է վրացերէնի յատուկ այբբենարան՝ նոր արժեչափերով։
Վրաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Տմիթրի Շաշքին, Ուրբաթ, Օգոստոս 26ին տեղի ունեցած կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով լոյս պիտի տեսնէ հայերէն եւ ատրպեճաներէն լեզուներով վրացերէն այբբենարան, որուն մշակման աշխատանքներուն մասնակցած են վրացի եւ օտարերկրացի մասնագէտներ։
Այբբենարանի ստեղծման նպատակն է՝ Վրաստան ապրող փոքրամասնութիւններուն օգնել, որ վրացերէն սորվին: