ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան եւ ազգային ազատ պետականութեան վերականգնման քսանամեակը առիթ է հաշուետուութեան ու պատասխանատուութեան ոգիով մօտենալու, քննարկելու եւ արժեւորելու, ազգովի՛ն, որքան մեր յաղթարշաւն ու նուաճումները, նոյնքան եւ մեր ընկրկումներն ու դիմագրաւած մարտահրաւէրները։
Իսկ քսանամեակի հաշուեկշռին գլխաւոր եւ առաջնային հարցը, անկասկա՛ծ, նոյնինքն 21 Սեպտեմբեր 1991ի Հայաստանի Անկախութեան Հանրաքուէի պատմական մեծ քայլին պատասխանատո՛ւ արժեւորումն է։
Վճռահատումը քաղաքական եւ գաղափարական այն առանցքային բանավէճին, որ Փետրուար 1988ի համաժողովրդային ըմբոստացման առաջին իսկ քայլերէն, ահա՛, կրնկակոխ կը հետեւի Հայաստանի անկախութեան երթին՝ երբեմն քաղաքական ուժերու միջեւ բուռն հակադրութեանց եւ երբեմն ալ զուտ մտաւորական քննարկումներու դրսեւորումով։
Բանավէճին բանալի եզրը, անշո՛ւշտ, ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ յղացքին մէջ կը կայանայ։
Հայ քաղաքական միտքը ինչպէս օրին, նաեւ մինչեւ այսօր ներքնապէս բեւեռացուած կը մնայ մէկ կողմէ 28 Մայիս 1918ին նուաճուած Հայաստանի անկախութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդները վերականգնելու, իսկ միւս կողմէ Խորհրդային Միութենէն անջատուած Հայաստանի հողին վրայ, նոր ժամանակներու ազատականութեան ոգիով, ազգային անկախ պետականութիւն կառուցելու ուղղութեանց միջեւ։
Հարցը այն չէ, որ Մայիս 1918էն մինչեւ Դեկտեմբեր 1920 ապրած Հայաստանի Հանրապետութիւնը որքանո՞վ կայուն, ծաղկուն եւ հզօր պետականութիւն պարգեւեց մեր ժողովուրդին։
Հարցը ա՛յն է, որ երկուքուկէս տարուան կեանք ունեցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը պետական հիմքը դրաւ ազատ ու անկախ ապրելու եւ Միացեալ Հայաստան կերտելու մեր ժողովուրդի նորօրեայ երթին։
Հայ քաղաքական մտքի ազգային–ազատագրական ուղղութիւնը բնաւ չհամակերպեցաւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը կործանելու եւ խորհրդային լուծի ենթարկելու պոլշեւիկեան չարիքին… «Հակահայաստանեան» յորջորջուելու գնով՝ տէր կանգնեցաւ Մայիս 28ի այդ աւանդին եւ գաղափարական անհաշտ պայքար մղեց խորհրդային կարգերուն դէմ։
Բնականաբար, հայ քաղաքական մտքի այդ բեւեռին տիրական հանդիսացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ հայոց պետականութեան աւանդները վերականգնելու նպատակասլացութիւնը, որ 1988ի Շարժման առաջին քայլերէն իսկ կը պայքարի յանուն մերօրեայ Հայաստանն ու հայութիւնը ազգային–քաղաքական ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի հունով յառաջ մղելու հրամայականին։
Նոյնքան պարզ ու յստակ չեղաւ կազմաւորումը հայ քաղաքական մտքի հակադիր բեւեռին կանգնած եւ այսօր, քսան տարիէ ի վեր, յետ–խորհրդային տիպի ազատական դէմքով ներկայացող հոսանքին, որ քսաներորդ դարավերջի աշխարհակարգային վերիվայրումներու եւ վերափոխումներու հունով պատկերացուց ու յառաջ մղեց Հայաստանի վերանկախացման երթը։
Ըստ ամենայնի ՀՀՇական մտայնութեամբ առաջնորդուող այդ հոսանքը չի սահմանափակուիր միայն ՀՀՇական գործիչներով ու շրջանակներով։ Ինչպէս խորհրդային Կոմկուսէն վերապրողներ, այնպէս ալ 1988ի համաժողովրդային Շարժումէն սերած գործիչներ թէ խմբաւորումներ կանգնած են, ի վերջոյ, միեւնոյն բեւեռին վրայ։ Զանոնք կը միաւորէ այսպէս կոչուած պետական մտածողութեան կեղծ ու շինծու նմանակումը, որ աշխարհն ու հայութիւնը կը դիտէ միեւնոյն նեղ պրիսմակով՝ Խորհրդային Միութենէն անջատուած եւ ազատ ու անկախ հռչակուած հայկական պետութեան «արտօնուած» հողային, ազգագրական, իրաւական ու քաղաքական… սահմանագծումներով։
Ահա ա՛յս հոսանքն է, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր տիրացած է վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարման ղեկին՝ ներհակ ու հակամարտ իր թեւերով ու, համապատասխանաբար, իր ներկայացուցած… իրերամերժ, բայց այս առումով համախոհ նախագահներով։ Որքան իշխանութեան աթոռակռիւը կը բաժնէ զանոնք, այնքան զիրենք կը միացնէ քաղաքական հակադրութիւնը 1918ին ստեղծուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային, ընկերային եւ ժողովրդավարական աւանդներու լիարժէք ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ։
Ազգային քաղաքականութեան առումով՝ Միացեալ Հայաստանի առաջադրանքն ու Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, իշխանաւոր այս հոսանքին համար, լաւագոյն պարագային կը հասնի մինչեւ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մէջ Հայասպանութեան միջազգային ճանաչման ու դատապարտումին սահմանագիծը։ Անդին չ՛անցնիր եւ, մանաւանդ, կը խուսափի հողային ու քաղաքական հատուցման սահմանէն ներս քայլ նետելէ։
Մինչդեռ Հայասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումը, նոյնիսկ ու մանաւանդ երբ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ կը կատարուին, ի վերջոյ կը վերածուին անցեալը մոռնալու եւ բարի կամեցողութեան նոր էջ բանալու դատարկաբանութեան, երբ չեն պայմանաւորուիր Հայկական Հարցի քաղաքական արդար հատուցումով։
Իսկ քաղաքական արդար հատուցման ուղին մէկ ու միակ է՝ հայ ժողովուրդէն ցեղասպանութեամբ խլուած հայրենի հողերուն վերադարձն է իրենց իրաւատիրոջ։
Ահա ա՛յս է ջրբաժանը հայ քաղաքական մտքի մերօրեայ երկու հոսանքներուն՝ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան աւանդները վերականգնելու Ազգային ուղղութեան եւ, միւս կողմէ, յետ–խորհրդային նոր աշխարհակարգի պարտադրած սահմանագծումներուն համակերպելու Ազատական ուղղութեան միջեւ։
Այդ պատճառով ալ քաղաքական բուն բանավէճը շրջանցելու ամբոխավարութեան կը ծառայեն Հայոց Պետականութեան շուրջ բոլորուելու կոչերը, որոնց չ՛ընկերանար Միացեալ Հայաստանի հանգանակին ու Հայ Դատի պահանջատիրութեան յանձնառութիւնը։
Ընդհակառակն՝ ամբոխավարական այդ կոչերը կը ծառայեն Հայոց պետականութիւնը օրուան իշխանութեան հետ նոյնացնելու… խոտորումներուն, որոնց քաղաքական թիրախը ինքնանպատակ պահպանումն ու վերարտադրութիւնն է կառավարման այս համակարգին։
Հայաստանի վերանկախացման երթէն քսան տարի ետք, իրաւունք չունինք յաւելեալ տուրք վճարելու գաղափարական ինքնախաբէութեան՝ իր ինքնահաստատման նեղ պրիսմակէն դուրս հեռանկար չունեցող իշխանութեան մը շուրջ բոլորուելով, Ազգային մեր Պետական Տան հզօրացումը ապահովելու խաբկանքին։
Պիտի բոլորուինք Հայոց անկախ Պետականութեան շուրջ, որպէսզի ի վերջոյ կայանայ Ազգի իշխանութիւնը։
Եւ Ազատ, անկախ ու Միացեալ Հայաստանի ընկերային եւ ժողովրդավարական աւանդներուն վերականգնումէն դուրս՝ յուսատու ուղի չկայ հայ ժողովուրդի ու Հայաստանի լիարժէք ազատագրումին համար։