Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Աշխատանքային առօրեային մէջ բաւական պատասխանատու քայլեր վստահուած է ձեզի եւ կարեւոր դիրք կը գրաւէք ձեր հաստատութենէն ներս: Կարեւոր յաճախորդներու հետ կը յարաբերիք եւ յաջողութեան հիմնական բանալիներէն մէկը այդ վայր-կեանին մոռնալն է ձեր երեխաները, անոնց արարքներն ու ձեզ պատճառած մտահոգութիւնները:
Նշանաւոր եւ յաջողակ աշխատող մասնագէտ կիներէն մէկը իր անձնական փորձառութիւնը մեզ հետ կիսած է, մեզ տալով իրողութիւնը արժեւորելու իրավիճակ: Նշեալ կինը, որուն անունը խորհրդապահական կը մնայ յօդուածին մէջ, յաջողած էր նուաճել տնօրէնի ու ղեկավարի պաշտօն, ինչպէս նաեւ այնպիսի դիրք իր ընկերութենէն ներս, որ Նիւ Եորք քաղաքէն կարգ մը այլ տնօրէններ իր պատկերը դրած էին իրենց գրասենեակներէն ներս, որպէս յաջողակ կնոջ մը կենդանի եւ խթանող օրինակը:
Իսկ յիշեալ կինը ինքզինք այնքան մասնագէտ ու բարձր դիրք նուաճած անձնաւորութիւն համարած է, որ այլեւս չէր վարանած իր մայրութիւնը բացայայտելէն: Անշուշտ շուտով ծնողական ժողովներու պատճառով յաճախորդներու հետ իր ժողովներուն ուշացումներ սկսաւ արձանագրել: Պարտաւորուած ըլլալով գրասենեակային ազատ, սուրճի ժամերէն հեռու մնալ, անհրաժեշտ նկատեց իր աշխատակիցներուն իր բացակայութիւններուն մասին բացատրութիւն տալ: Մէկ խօսքով յիշեալ կինը կը բացայայտէ, որ եթէ մայր ես, ապա գործի շրջանակներէն ներս քեզի հանդէպ կը տրամադրուին իբրեւ մէկը, որ միշտ աշխատանքներուն նկատմամբ թերացումներ կրնայ արձանագրել եւ ամբողջական նուիրումով չի կրնար գործել: Անհաճոյ իրականութիւն մըն է այս մէկը:
Հաւանաբար յիշեալ օրինակը քիչ մը ծայրայեղ է, սակայն երեւոյթը շատ հասարակ է: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ շուրջ 31 միլիոն աշխատող մայրեր նոյն կացութեան մէջ կը գտնուին: Այդ կիներուն կէսը կիսաժամ կ՛աշխատի, սակայն տակաւին նոյն հարցերէն կը տառապի: Որքանո՞վ ընդունուած է աշխատանքային միջավայրին մէջ դրսեւորել մայրական հարցերը ու մտահոգութիւնները: Պէտք է ըսել, որ բաւական քիչ է համեմատութիւնը այն մարդոց, որոնք ըլլալով նոյն աշխատանքային միջավայրին մէջ ամբոջութեամբ կամ գոնէ որոշ չափով կը հասկնան աշխատող մօր վիճակը: Ամէն պարագայի գործընկերներու միտքէն պիտի անցնին հետեւեալ մտածումները. «Արդեօ՞ք չէր կրնար դպրոցի գրասենեակէն զաւկէն ստացած հեռաձայնին աւելի ետք պատասխանել»: Կամ . «Ամբողջ էութեամբ գործին չէ նուիրուած», կամ նմանօրինակ այլ մտածումներ: Արդեօ՞ք երբ պատասխանտու մայրը ամէն օր ճիշդ ժամանակին գրասենեակին դուռը փակելով կ՛ուղղուի դէպի տուն՝ տնային տնտեսուհին ճիշդ ժամանակին արձակելու համար, իր գործընկերներուն մօտ պիտի յառաջացնէ՞ «քանի մը վայրկեան եւս չէ՞ր կրնար սպասել» գնահատումը:
Այս պրկուած իրավիճակը մայրերու եւ անոնց պաշտօնակիցներուն միջեւ մեր իրականութեան մաս կը կազմէ, սակայն այսօր, ընկերութիւնները, բարեբախտաբար, աւելի առիթներ եւ կարելիութիւններ կը տրամադրեն այն մայրերուն, որոնք տակաւին ստնտու են կամ իրենց զաւակները խնամելու կարիքը ունին:
Այլ պաշտօնակից մը կը պատմէ. «Ամէն Եկուշաբթի առաւօտ ժամը իննին ժողով ունիմ բաժինի պաշտօնեաներուս հետ: Երեք զաւակներս ճիշդ ժամանակին դպրոց կը հասցնեմ եւ գործիս կը հասնիմ ճիշդ ժամանակին: Նոյն յարկէն ներս այլ պաշտօնեայ մը կայ, որ ամէն առաւօտ ուշացած կը հասնի գործի եւ իր աղջկան գիշերուան անհանգստութեան մասին գանգատելով կը սկսի աշխատանքային իր օրը:
Արդեօ՞ք կարելի է տնային եւ մայրական մտահոգութիւնները աշխատանքի միջավայրին եւ գործընկերներուն ամբողջական սեփականութիւնը դարձնել:
Երբեմն, դժբախտաբար, հայրերուն վստահուած կամ ստանձնած պարտականութիւններուն նկատմամբ նոյն մօտեցումը չեն ցուցաբերէր: Այսինքն եթէ հայր մը իր զաւակին հետ դասարանային պտոյտի մը պիտի մասնակցի, ատիկա կարծես ընդունուած կամ նոյնիսկ շատ հաճելի երեւոյթ կը նկատուի, մինչ մօր մը աշխտանքը կամ տարրական պարտականութիւններու կատարումը կը համարուին անտեղի կամ անբաղձալի արարքներ:
Երեխան բժիշկի տանելու ժամադրութիւնները կը թելադրուի կատարել աշխատանքի ժամերէն դուրս, առանց նկատի առնելու որ այդ ժամերը կ՛ընդգրկեն ամբողջ օրը՝ առտուան իննէն մինչեւ երեկոյեան ժամը եօթը:
Երեսունիննը տարեկան լուսանկարչական պատկերասրահի վարիչը կը վկայէ թէ ինք բաւական բախտաւոր է, որովհետեւ իր աշխատանքի վայրէն ներս շատ մարդկային եւ ընտանեկան-ընկերային մթնոլորտ կը տիրէ: Երկուշաբթի առաւօտեան շաբաթավերջի անցուդարձի մասին խօսակցութեան ժամանակ ընդհանրապէս նիւթը կըլլայ երեխաները եւ անոնց կատարած աշխատանքները:
Բարեբախտաբար այլեւս կը շեշտուի թէ ամէն գնով այս մայրական աշխատանքային ճնշումը կամաց-կամաց պէտք է վերցուի եւ գրեթէ բոլոր աշխատավայրերուն մէջ սկսած են քաջալերական մօտեցում ցոյց տալ մայր աշխատողներուն ու անոնց պարտականութիւններուն նկատմամբ:
Սերնդափոխութեամբ եւ մտածելակերպի փոփոխութեամբ շատ աւելի լաւ աշխատանքային պայմաններ պիտի ստեղծուին ժամանակի ընթացքին՝ յուրախութիւն մայր աշխատողներուն, մասնագէտներուն: