
ՊՈԼԻՍ.- «Ինչպէս երկար ժամանակէ ի վեր կը գրուի, այս Կիրակի Աղթամարի մէջ պիտի կատարուի կրօնական արարողութիւն, ինչպէս եղած էր անցեալ տարի։ Այս բացառիկ արարողութիւնը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է բովանդակ հայաշխարհի մէջ եւ Իսթանպուլահայ ուխտաւորներու կարգին, արտասահմանէն ալ մեծ թիւով ուխտաւորներ Վան պիտի գան», կը գրէ «Մարմարա» թերթը։
Պատրաստութիւնները աւարտին հասած են, արարողութեան պիտի նախագահէ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ սրբազան, պիտի պատարագէ Սահակ եպս. Մաշալեան։ Ներկայ պիտի գտնուին Կրօնական ժողովի ատենապետ Թաթուլ Ծ. վրդ. Անուշեան, Հայր Զաքէոս Ծ. վրդ. Օհանեան, ինչպէս նաեւ Տրդատ, Սարգիս, Մինաս, Զօհրապ, Զաւէն, Գրիգոր Ա., Գէորգ քահանայ հայրերը, Վաղարշակ Սերովբեան սարկաւագ եւ դպիրներ։
Վանեցի նկարիչ Հայտար Էքինէք, որ մարդոց եղբայրութեան ու հաշտութեան նիւթով նկարներ պատրաստած է, Աղթամարի արարողութեան առիթով կղզիին մէջ ցուցահանդէս մը պիտի բանայ արարողութեան օրերուն։ Նկարչին անձնական ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ 9-12 Սեպտեմբեր թուականներուն։ 16 գործեր պիտի ցուցադրուին, ցուցահանդէսի հրաւիրագիրները տպուած են թրքերէն, անգլերէն, հայերէն ու քրտերէն լեզուներով։ Նկարիչը դիտել տուած է որ գործածուած ներկերու կարգին գործածած է նաեւ կղզիին հողը, որ այնքան սիրելի է հայ ժողովուրդին համար։