ՆՈՐ ԿՐԹԱՇՐՋԱՆ՝ ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ ԱԿՆԿԱԼԻՔՈՎ
Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 1ի առաւօտուն, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեջան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Մեսրոպեան ազգային վարժարանը տօնական մթնոլորտի մէջ սկսաւ իր 47րդ կրթական տարեշրջանը՝ վերամուտի բերկրանքը փոխանցելով աշակերտներուն, ծնողներուն, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ ուսուցիչներուն:
Վարժարանի քարտուղարուհի Մարալ Ասիք հրաւիրեց Ս. Խաչ մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամբուրեանը, որպէսզի Տէրունական աղօթքով կատարէ ուսումնական նոր տարեշրջանի բացումը: Ապա, ամերիկեան դրօշի եւ Մեսրոպեանի աշակերտի ուխտերու հնչիւններուն տակ կատարուեցաւ դրօշակի արարողութիւնը:
Իր բացման խօսքով, օրդ. Ասիք ողջունելով ներկաները յոյս յայտնեց, որ շրջանի համայնքի անդամներուն նուիրուածութիւնը եւ լաւատեսութիւնը իբրեւ գրաւական ունենալով, Մեսրոպեան վարժարանը նոր կրթաշրջանը կը սկսի հաստատուն քայլերով եւ կատարեալին հասնելու վճռակամութեամբ:
Աշակերտական խորհուրդի նախագահուհի Նուէր Ուզունեան անգլերէնով եւ փոխնախագահուհի Արփի Լեփեճեան հայերէնով իրենց պատգամը փոխանցեցին աշակերտներուն՝ ըսելով, որ խորհուրդը իր կարելին պիտի ընէ 2011-2012 ուսումնական տարին դարձնելու աւելի հետաքրքրական եւ աշխոյժ:
Վարժարանի ուսուցչակազմին խօսքը կատարեցին նախակրթարանի պատասխանատու Նայիրի Ղուկասեան՝ անգլերէնով եւ հայերէնի դասատու Մարինա Չերչեան՝ հայերէնով: Տիկ. Ղուկասեան բարի վերամուտ մաղթելով աշակերտներուն խոստացաւ ընթացիկ տարին դարձնել յիշարժան եւ ի մասնաւորի՝ կրթական նորարարութիւններով յագեցած: Տիկ. Չերչեան, ողջունելով ներկաները եւ յատկապէս աշակերտները, ընդգծեց հայ դպրոցի առաքելութեան կարեւորութիւնը սփիւռքեան այս ափերուն: Տիկ. Չերչեան իր ուղերձը համեմեց հայ մեծ մանկավարժ եւ գրող Լեւոն Շանթի խորիմաստ խօսքով. «Մեր հաւաքականութեան մէջ վեհ գաղափարի մը ծառայելը ուսուցչական ասպարէզ ընտրելն է»: Եւ իբրեւ այդ «վեհ գաղափարին» ծառայող համեստ մէկ զինուոր, թարգմանը հանդիսանալով վարժարանի ուսուչակազմի ցանկութեան ու նուիրումին, ան աւարտեց իր խօսքը, ըսելով. «Այսօր, տնօրէնութեան բերած դրական փոփոխութիւններով գօտեպնդուած, ուսուցչական կազմը հաստատ քայլերով ու պայծառ ապագայի հեռանկարով կը վերսկսի իր աշխատանքներուն»:
Մեսրոպեան ազգային վարժարանի տնօրէն, իրաւաբան Սեդօ Պոյաճեան, ողջունելով քահանայ հայրը, շրջանային եւ համայնքային ներկայացուցիչները, ծնողներն ու հիւրերը, արժեւորեց նախորդ կրթաշրջանը, որ յագեցած էր դժուարութիւններով եւ մարտահրաւէրներով: Զանց առնելով կարգախօսային խոստումները եւ ընկալեալ կաղապարուած արտայայտութիւնները, պրն. Պոյաճեան մատնանշեց դպրոցին նախորդ տարուան կարեւոր մէկ նուաճումը, որ հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր վարժարանին շէնքային նորոգութեան վրայ, եւ այս տարի արդէն աշակերտները ունին վերանորոգուած, արդիական բոլոր պահանջքները բաւարարող դպրոցական շէնք եւ շրջափակ: Նոր կրթաշրջանի հիմնական յանձնառութիւնը պիտի ըլլայ ակադեմական կրթական որակի բարելաւումը, որպէսզի Մեսրոպեան վարժարանը վերագտնէ իր անցեալի կրթական բարձր մակարդակը: Տնօրէնը վստահեցուց, որ ուսուցչական կազմի, վարչութեան, հոգաբարձութեան, նախկին շրջանաւարտներու եւ դպրոցի բարեկամներու թիմային աշխատանքով կարելի պիտի ըլլայ իրագործել խոստացուած փոփոխութիւնները, որոնք կրթական բարձր որակ պիտի ապահովեն եւ Մեսրոպեանը դարձնեն մրցունակ՝ գիտելիքի այս դարուն:
Տնօրէնը ի մասնաւորի ըսաւ. «Այժմ, մենք պատրաստ ենք ձերբազատուելու նախորդ քանի մը տարիներու աննպաստ իրավիճակէն եւ նորէն սկսելու իրական կրթական գործունէութեան, ինչպէս աւանդաբար հաստատուած էր Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: Որակեալ ուսուցումը պիտի ըլլայ նեցուկը այս իրական կրթութեան: Այս ուսուցումը պիտի չըլլայ այն մասին, թէ ինչ կը սորվինք, այլ՝ ինչպէս կը սորվինք»: Յիշելով Ալպերթ Այնշթայնի իմաստալից մէկ արտայայտութիւնը՝ «Ուսումը այն է, ինչ կը մնայ անձի մը՝ դպրոցին մէջ իր սորվածը մոռնալէն ետք», տնօրէնը կրկին ընդգծեց կրթութեան միջոցի եւ ձեւի կարեւորութիւնը, հիմնաքար մը, որ պիտի ծառայէ մեր աշակերտներուն իրենց հետագայ համալսարանական եւ աշխատանքային կեանքին մէջ: Ողջոյնի խօսքէն ետք պրն. Պոյաճեան ներկայացուց բոլոր ուսուցիչները:
Վերամուտի բացման արարողութիւնը խանդավառութեան իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ մանկամսուրի աշակերտները, իրենց ուսուցչուհիներու ուղեկցութեամբ, «լուրջ եւ յաւուր պատշաճի» տողանցեցին եւ «պաշտօնապէս» ողջունեցին ներկաները՝ թափահարելով իրենց փոքրիկ թաթիկները:
Տէր Աշոտ քհնյ. Գամբուրեան փոխանցեց թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը: Առաջնորդ սրբազանը կ՛ողջունէր Մեսրոպեանի աշակերտները նոր ուսումնական տարուան առիթով, նաեւ յայտնելով, որ 2011ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աթոռի գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ հռչակուած է Հայ Մանուկի տարի: Ուրեմն, այս տարին պիտի ըլլայ առաւել յանձնառու թէ աշակերտներուն եւ թէ ուսուցիչներուն համար՝ գրանցելով նոր նուաճումներ կրթական եւ հայեցի դաստիարակութեան ոլորտներուն մէջ:
2011-2012 տարուան վերամուտը Մեսրոպեան ազգային վարժարանին մէջ սկսաւ յոյսով, վճռակամութեամբ եւ դժուարութիւնները դիմագրաւելու իրատես կամքով:
Բարի երթ հայ աշակերտին, անսպառ կորով հայ ուսուցիչին եւ պատիւ հայ դպրոցի անսակարկ նուիրեալներուն:
(Թղթակցութիւնը վարժարանէն)