
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ արհեստավարժներու միութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ իր 53րդ տարեկան ճաշկերոյթին ընթացքին պիտի մեծարէ Հայ ոսկրածուծի հիմնադրամի ատենապետուհի եւ համահիմնադիր դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընը, անոր շնորհելով «2011 տարուան արհեստավարժը» կոչումը:
Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ կեդրոններ ունեցող է Հայ ոսկրածուծի հիմնադրամի մարդասիրական եւ ազգանուէր գործունէութիւնը դրուատելով, Հայ արհեստավարժներու միութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, թէ հիմնադրամին եւ դոկտ. Ֆրիտա Ճորտընի ջանքերուն շնորհիւ կարելի եղած է մէջտեղ բերել աւելի քան 20,000 ոսկրածուծի նուիրատուներու ցուցակ մը, որոնք կու գան երեք ցամաքամասներու մէջ գտնուող 13 երկիրներէ:
Նոյեմբեր 5ին եւ Իրանահայ միութեան նոր կեդրոնին սրահին մէջ կայանալիք Հայ արհեստավարժներու միութեան տարեկան ձեռնարկին հանդիսավարն է իրաւաբան Մարք Կիրակոս, որ նախապէս արժանացած է Հայ արհեստավարժներու միութեան «Տարուան արհեստավարժը» տիտղոսին:

Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար դիմել (818) 685-9946 թիւին, apsla@apsla.org ու APS, P. O. Box 10306, Glendale, CA, 91209 հասցէներուն եւ կամ այցելել
www.apsla.org կայքը: